Թուրքիոյ Դեսպանը Այցելեց Վարչապետ Սալամի
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց շրջանի ու Լիբանանի վերջին իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ ընդունեց Աքքարի միւֆթին` պատուիրակութեան մը գլխաւորութեամբ: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին երկրին յատկապէս ապահովական իրադարձութիւնները:
CATEGORIES Լիբանանեան

