Փորձ-Հարցարան. Համարձա՞կ Էք

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱԻՒՍԱԳԱԼԵԱՆ

Confiance-en-soi1

Որոշած էք ձեր բնակարանը վերանորոգել:

ա.- Կը բաւարարուիք սահմանափակ փոփոխութիւններով: (1)
բ.- Պատերուն գոյնը կը փոխէք, նոր կահոյք կը բերէք: (5)
գ.- Կը բաւարարուիք խոհանոցը արդիականացնելով: (3)

2

Սեւ գոյնի շրթներկ, կապոյտ եղունգի ներկ, կարմիր մազեր…

ա.- Ասիկա ձեր սիրելի ոճն է: (5)
բ.- Մէկ օրուան համար կը փորձէք: (3)
գ.- Ձեզ ոչ ոք այս ոճով կրնայ տեսնել: (1)

3

Անտեղի մեղադրանքներ` ձեր պատասխանատուին կողմէ:

ա.- Յարմար կը գտնէք չպատասխանել: (1)
բ.- Կը փորձէք արդարանալ: (3)
գ.- Անմիջապէս ինքնապաշտպանութեան կ՛անցնիք: (5)

4

Բարեկամներ ընթրիքի կը հրաւիրէք:

ա.- Կը պատրաստէք սուշիի տեսականի: (3)
բ.- Կը պատրաստէք աղցանի տեսականի: (3)
գ.- Կը պատրաստէք միս, գետնախնձոր եւ բանջարեղէն: (1)

5

Ճամբան կը հանդիպիք ձեր շատ սիրած մէկ երգիչին:

ա.- Կը ժպտիք ու կ՛անցնիք: (1)
բ.- Կը մօտենաք եւ կը խնդրէք, որ հետը լուսանկարուիք: (5)
գ.- Կը մօտենաք` ըսելու, թէ զինք շա՛տ կը սիրէք: (3)

6

Ինչ կը վերաբերի դրամական հարցերու:

ա.- Չէք վարանիր ձեր հարազատներէն դրամ փոխ ուզելու: (3)
բ.- Չէք վարանիր դրամատունէն դրամ փոխ առնելու: (5)
գ.- Դրամական հարցեր չէք ունենար. խնայողասէր էք եւ ուշադիր: (4)

7

Գալով նորաձեւութեան:

ա.- Դուք քայլ առ քայլ կը հետեւիք անոր: (5)
բ.- Կ՛առնէք այն, ինչ որ ձեզի կը յարմարի: (3)
գ.- Նորաձեւութենէն չէք ազդուիր. դուք ձեր ոճը ունիք: (1)

8

Առանձին ճամբորդութիւն…

ա.- Երբեք չէք փորձեր: (1)
բ.- Արդէն փորձուած էք եւ դարձեալ կը փորձէք: (5)
գ.- Կը վախնաք, որ ձանձրանաք: (3)

9

Հաւաքոյթի մը ընթացքին ձեզմէ կը խնդրուի յանպատրաստից խօսք առնել:

ա.- Սիրով կ՛ընդառաջէք: (5)
բ.- Կ՛ընդառաջէք` քանի մը բառ ըսելով: (3)
գ.- Կը մերժէք: (1)

10

Դասախօսութեան մը աւարտին:

ա.- Չէք վարանիր խօսք առնելու եւ լուսաբանութիւններ պահանջելու:
բ.- Լուռ կը մեկնիք: (1)
գ.- Առանձին կը մօտենաք դասախօսին եւ կարծիքներու փոխանակում կ՛ունենաք: (3)

ԱՐԴԻՒՆՔ

Եթէ 15 միաւորէն պակաս հաւաքեցիք, երբե՛ք համարձակ չէք. ընդհակառա՛կը, երկչոտ եւ ամչկոտ խառնուածքի տէր անձ էք, տեւաբար նկատի կ՛առնէք շրջապատին կարծիքն ու հակազդեցութիւնը եւ հազար կը համրէք խօսելէ կամ գործելէ առաջ:

Եղէք ինքնավստահ եւ յաղթահարեցէք ձեր բարդոյթները:

 ***

Եթէ 15-35 հաւաքեցիք, կարելի է ձեզ համարձակ համարել, բայց ոչ` շուրջինները գայթակղեցնելու աստիճան: Ձեր համարձակութիւնը չափաւոր է եւ տեղին. անիկա պարզապէս կը համեմէ ձեր կեանքը:

***

Եթէ 35-էն աւելի միաւոր հաւաքեցիք, չափազանց համարձակ էք եւ քիչ անգամ ուրիշին հաշիւը կ՛ընէք: Ինքնաբուխ էք եւ անկեղծ, բայց նաեւ կը սիրէք ուշադրութիւն գրաւել:

 

Մեր Զաւակները Եւ Մենք

Երեխան Գիրկէ Կտրելու Համար…

555b917bՈրքան շուտ անդրադառնաք, որ ձեր երեխան երես կ՛առնէ, այնքան դիւրին կ՛ըլլայ զայն վերադաստիարակելը: Բայց ասիկա կամք եւ հաստատամտութիւն կը պահանջէ: Բայց յիշեցէ՛ք, որ ի վերջոյ չափազանց պահանջկոտութիւնը աւելի կը վնասեն երեխային, քան` ծնողքին:

Երբ երեխան արդէն վարժուեր է գիրկէ գիրկ երթալու, տեւաբար պիտի լայ եւ գրկուիլ պիտի ուզէ:

Հոգեբանը այսպիսի պարագայի կը թելադրէ մեղմ ձայնով, բայց անառարկելիօրէն բացատրէք, որ դուք գործ ունիք, պէտք է աւարտէք, հետեւաբար չէք կրնար գրկել զինք: Անշուշտ ան ձեր բառերը պիտի չհասկնայ, բայց կը զգայ ձեր ձայնի ելեւէջները, եւ դուք զբաղած մարդու տեսքով կը շարունակէք ձեր գործը:

Ամենադժուարը առաջին օրուան ժամերն են. սակայն պէտք չէ տկարանալ ու տեղի տալ:

Կարգ մը երեխաներ կը համակերպին, երբ մայրը իրենց հետ չէ կամ իրենց հետ չի խօսիր եւ առանձին զբաղում մը կը գտնեն: Ուրիշներ աւելի հանգիստ կը զգան, երբ գոնէ կը տեսնեն իրենց մայրը կամ կը լսեն ձայնը, նոյնիսկ եթէ մայրը չի գրկեր զիրենք:

Ժամանակ մը ետք, երբ որոշէք, որ ժամը հասած է ձեր երեխային հետ խաղալու, անոր հետ գետինը նստէք, խօսեցէք, երգեցէք, խաղացէք, արտօնեցէք, որ ձեր վրայ մագլցի, բայց մի՛ գրկէք:

Այսպէս քանի մը օր շարունակեցէք եւ շուտով ձեր երեխան կը համակերպի եւ իրեն յարմար զբաղում մը կը գտնէ:

 

Պանանի Կեղեւին
Բազմազան Բարիքները

Use-Banana-Peels-Step-1Գիտէ՞ք, թէ պանանի հասարակ կեղեւ մը կրնայ շատ մը բաներու ծառայել: Նախքան զայն աղբամանը թափելը` մտածեցէք հետեւեալ կարելիութիւններուն մասին:

1

Պանանի կեղեւին ներսի բաժինով շփեցէք մժեղի խայթուածքը. շատ չանցած` քերուըտուքը պիտի մեղմանայ:

2

Պանանի կեղեւով շփեցէք ձեր կօշիկները, ապա փայլեցուցէք փափուկ լաթով մը:

Banana-Peel-Step-3-650x4873

Պանանի կեղեւով շփեցէք ձեր ակռաները, մինչեւ որ փոթասիոմով հարուստ թանձր նիւթը լաւապէս պատէ զանոնք. սպասեցէք 2 վայրկեան ապա ցօղուեցէք ձեր բերանը:

4

Պանանի կեղեւով եւ քիչ մը ջուրով շփեցէք ձեր արծաթեղէնները, ապա զանոնք փայլեցուցէք մաքուր, փափուկ լաթով մը:

5

Տան բոյսերուն խոշոր տերեւները փայլեցնելու համար զանոնք շփեցէք պանանի կեղեւով:

6

Թռչուններն ու թիթեռնիկները ձեզի բերելու լաւագոյն միջոցը պատուհանին կամ պատշգամին եզերքը պանանի կեղեւ զետեղելն է:

7

Պանան կամ պանանի կեղեւ ուտելով` կը սնուցանէք ձեր մորթը, կը պաշտպանէք աչքը` տարիքի հետ կապուած հիւանդութիւններէն, կը դարմանէք դէմքին բշտիկները:

8

Պանանի կեղեւով շփեցէք ձեր դէմքը, անոր թարմութիւն եւ անհրաժեշտ ջուրը ապահովելու, նաեւ կանխահաս ծերացումէ պաշտպանելու եւ կնճիռները ուշացնելու համար:

9

Պանանի կեղեւները որպէս պարարտացուցիչ օգտագործեցէք ձեր բոյսերուն համար:

10

Շատ մը ասիացի ժողովուրդներ, երբ միս պիտի եփեն, տապակին կամ ափսէին մէջ պանանի կեղեւ մը կը զետեղեն, որպէսզի միսը հիւթեղ մնայ եւ չչորնայ:

 

Խոհագիր

Մոնաքօ

cocktail-monacoՄոնաքօ խմիչքը շատ փնտռուած է Ֆրանսայի մէջ, յատկապէս` հարաւի շրջանը. աւստրալիացիները նոյնպէս կը գնահատեն այս խմիչքը, որ խառնուրդ է գարեջուրի, սեւըն ափ-ի եւ նուռի օշարակի:

Մոնաքոն կը հրամցուի գարեջուրի բաժակի մէջ եւ նախընտրաբար` կակաչաձեւ տեսակը:

Բաղադրութիւն

– Նուռի թանձր օշարակ (1 – 2  սանթիլիթր)
– Պաղ, շէկ գարեջուր (15 սանթիլիթր)
– Սեւըն ափ (5 սանթիլիթր)

Պատրաստութիւն

Խմիչքը կը պատրաստուի ուղղակի բաժակին մէջ:

Նախ լեցնել նուռի օշարակը, աւելցնել շատ պաղ գարեջուրը եւ վերջապէս` պաղ սեւըն ափ-ը:

Կարելի է չափերուն հետ խաղալ` ըստ ճաշակի:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Բառը

RazmigTavoyanՀաւատամքը – Սէր,
Տառապանքը – Սէր…

Ես նստել էի
Բառի մենաւոր քարանձաւի մէջ,
Եւ բառը հազար տխուր աչքերով
Լալիս էր վրաս,-
Ես չգիտէի,
Որ դու մոմերդ կը վառես մի օր`
Բառի խորքերը լուսաւորելու:
Եւ լռութեան մէջ կը թողնես, գնաս:
Ես չգիտէի…
Եւ Բառը հիմա քայլում է յոգնած
Բառերի անծայր կարաւանի մէջ,
Եւ տխուր է նա, ձանձրացած մի քիչ
Եւ աննուաճ, եւ քնքշօրէն խեղճ:

Եւ ինձ թւում է` նրա ստուերը
Բոլոր կողմերից
Քշում են վայրի ուրուրներ հազար.-
Գիշակերների՛, անտաղանդների՛ ստրուկն է Բառը,
Նա Հանճարին է միայն հաւասար:

Եւ քանի դու կաս, ամէն գարնան հետ,
Ինչպէս արեւի շողը բռնելով
Կենդանանում է թրթուրը քնած,
Եւ խլրտում է տաքուկ փոշու մէջ,
Այդպէս կարօտիս ճառագայթի տակ,
Արթնանում Բառը
Եւ տաք խլիրտով
Շարժւում է դէպի յաւիտենութիւն:

ՌԱԶՄԻԿ ԴԱՒՈՅԵԱՆ

(Հատուած)

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )