ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական տարակարծութիւնները յարանուանական տարակարծութիւններ չեն:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի աւարտելէ ետք Սէուտական Արաբիա տուած աշխատանքային իր այցելութիւնը վերադարձաւ Լիբանան:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու նորագոյն զարգացումները:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալեն Աուն շեշտեց, որ ներկայիս երբեք յարմար չէ Դիմադրութեան ապազինման հարցը քննարկել:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն դրուատեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի Պքերքէ կատարած այցելութիւնը: Ան շեշտեց, որ Սֆէյր պատրիարքին տրուած զօր. Աունի այցելութիւնը փաստ մըն է, որ մարոնի ղեկավարները համախմբուած են իրենց հեղինակութեան շուրջ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Քամել Ռիֆայի շեշտեց, որ երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի կողմէ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի դէմ ներկայացուած բողոքը տղայական վարուելակերպ է:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ նախարար Հասան Մնայմնէ շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահը քաջ գիտէ, թէ Սաատ Հարիրի Լիբանանը բոլոր շահերէն աւելի բարձր կը դասէ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկը կ՛օգտագործեն քաղաքական նպատակներու համար:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի անդամ սէյիտ Հիշամ Սաֆիէտտին յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը իր բոլոր զէնքերը պիտի օգտագործէ սարսափեցնելու համար սիոնական գոյացութիւնը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը չէ, որ կ՛որոշէ Դիմադրութեան զէնքին յաւիտենականութիւնը, այլ` Հըզպալլան:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ատնան Արաքժի շեշտեց, որ սիւննի համայնքը միայն մէկ անձնաւորութեամբ կամ մէկ կուսակցութեամբ ներկայացնելը այդ համայնքին հաշուոյն գործուած մեծ սխալ է:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Սելիմ Սայէղ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կատարած վերջին յայտարարութիւններով լիբանանեան հանրային կարծիքին կը ներկայանայ իբրեւ կուսակցութեան ղեկավար եւ ոչ թէ խորհրդարանի նախագահ: Ան շեշտեց, որ Պըրրի Ամալ շարժումի նախագահութեան եւ խորհրդարանի նախագահութեան միջեւ պէտք չէ շփոթէ:
«ՊԻՆԱ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ օրերուն ընթացքին դրական նախանշաններ արձանագրուին կառավարութեան կազմութեան առումով:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթ. «Երեսփոխան Մարուան Համատէ կը ջանայ 20 տիւրզի շէյխի մասնակցութիւնը ապահովել Մարտ 13-ին տեղի ունենալիք հաւաքին»:
ԸՍՏ սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին, Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը յետաձգուած է յաջորդ կիրակի օրուան:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը Արքուպի, Ղաժարի եւ Ապպասիէի վերեւ թռիչքներ գործեց:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին ծիրին մէջ գրեթէ վերջնական դարձած է, թէ հանրապետութեան նախագահին մօտիկ նախարար մը պիտի վերստանձնէ ներքին գործոց նախարարութիւնը: Նոյն օրաթերթը կը նշէ, որ կառավարութիւնը 22-էն 27 մարտի ընթացքին կազմուի:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Օմար Քարամէի զաւակը` Ֆայսալ Քարամէ այցելած է վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի: Նոյն օրաթերթը կը նախատեսէ, որ կառավարութեան ծնունդը յայտարարուի յառաջիկայ շաբաթասկիզբին: