Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն». Նիշիքորի Մրցաշարքէն Դուրս Ձգեց Վաւրինքան

Քէյ Նիշիքորի

Քէյ Նիշիքորի

Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Եու. Էս. Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի տղոց քառորդ աւարտականի մրցումներուն, 10-րդ դասուած ճափոնցի Քէյ Նիշիքորի ստեղծեց անակնկալ մը, երբ մրցաշարքէն դուրս ձգեց 3-րդ դասուած Սթանիսլաւ Վաւրինքան (Զուիցերիա)` արձանագրելով 3-6, 7-5, 7-6, 6-7 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը:

Նշենք, որ ան հանդիսացաւ առաջին ճափոնցին, որ «Եու. Էս. Օփըն»-ի 96 տարուան պատմութեան մէջ կը հասնի կիսաւարտական հանգրուան:

Կիսաւարտականի իր տոմսը ապահովեց նաեւ թիւ 1 դասուած եւ տիտղոսակիր Սերենա Ուիլիըմզ (Միացեալ Նահանգներ), որ հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց` 6-3 եւ 6-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իտալացի Ֆլաւիա Փեննեթթան (11-րդ):

Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Էքաթերինա Մաքարովա (Ռուսիա, 17-րդ)` 6-4 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթելով Վիքթորիա Ազարենքայի (Պիելոռուսիա, 16-րդ):

 

Share this Article
CATEGORIES