Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Տնային աշխատանքները պիտի առնեն օրուան ժամանակին մեծ մասը: Գուցէ չկարենաք իրագործել նախօրօք որոշուած ժամադրութիւն մը: Վաղուան ձգեցէք ձեր տեսակցութիւնը` ներողութիւն խնդրելով պատահածին համար:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ու որ երթաք, մի՛ մոռնաք ձեր ինքնաշարժը ստուգելու: Մանաւանդ եթէ երկար ճամբայ մըն է ձեր կատարելիքը, ինքնավստահութեամբ ճամբայ ելէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ անքնութիւն ունիք, նախքան անկողին երթալը` թեթեւ ճաշ մը ըրէք, յետոյ հաճելի ժապաւէն մը դիտեցէք պատկերասփիւռէն: Անցեալին պատահած հաճելի յիշատակներու մասին մտածեցէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ընթերցանութիւնը լաւագոյն միջոցն է զարգանալու: Գիրքին տուած մտերմութիւնը տարբեր է, չէք կրնար բաղդատել համացանցին հետ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Լաւագոյն ուտելիքը ձեր ապրած երկրին արտադրած պտուղներն ու բանջարեղէններն են: Արեւադարձային երկիրներու պտուղները պէտք է համտեսել զգուշութեամբ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Մեքենական խանգարում մը կրնայ ձեզ մտահոգել: Դիմեցէք գործէն հասկցող մասնագէտի մը` առանց ժամանակ անցնելու: Կրնաք շուտով հաստատել բնական վիճակը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ կալուած կամ բնակարան գնելու հարց մը ունիք, հապճեպ որոշում մի՛ տաք, այլ լաւ սերտեցէք օրուան սակը եւ ձեր ունեցած գումարը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ժառանգութիւն մը բարեխղճութեամբ կատարելու համար ձեզ պիտի կանչեն վկայութեան կամ որոշման մասնակցելու: Կողմնակալ մի՛ ըլլաք, այլ` արդար:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ընտանեկան մնայուն հարցերը ձեզ կը մտահոգեն, կ՛ազդեն ձեր առօրեայ գործունէութեան: Այս մթնոլորտէն փրկուելու միակ ձեւը նիւթական օժանդակութեան ձեր մասնակցութիւնն է:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Յարդարեցէք ձեր արտաքին տեսքը: Ոեւէ անձ նախ կը դատուի իր հագուածքէն, կոկիկ եւ ճաշակաւոր երեւոյթէն: Այսօր խնամեցէք դուք ձեզ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձանձրոյթի նշաններ ցոյց կու տաք, կարօտը ունիք նոր հորիզոններ տեսնելու: Փորձեցէք դիմել ճամբորդական գրասենեակ մը` իմանալու համար յարմար հասցէ մը: Կապ պահեցէք սիրելիներու հետ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Այժմէն պատրաստուեցէք վերամուտի ձեր ընելիքները կարգադրելու, մասնաւորաբար ի մտի ունեցէք ուսումնական ծախսերը եւ խնայողութեան դիմեցէք:

