Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Ընկերային Ծառայութեան Յանձնախումբի Ամառնային Վարժարան

0821_Sbarazinoutioun14 յուլիսէն 21 օգոստոսին Դրատ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցան Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական ընկերային ծառայութեան յանձնախումբի կազմակերպած ամառնային Սուրբ գրոց վարժարանի աշխատանքները` «Սպառազինութիւն» թեմայով: 54 աշակերտներ` 5-12 տարեկան, յաճախեցին ամառնային վարժարան: 6 շաբթուան ընթացքին անոնք հոգեւոր մթնոլորտի մէջ սորվեցան երգեր, պարեր, շինեցին ձեռային աշխատանքներ նաեւ ունեցան շաբաթական դրութեամբ պտոյտներ դէպի «Ֆան լէնտ», «Էնիմըլ սիթի», «Ֆան զոն», «Եուփփի փարք», «Փլենեթ տիսքավըրի»:

Ամառնային վարժարանի հանդէսը տեղի ունեցաւ 20 օգոստոսին կեդրոնի շրջափակին մէջ, ուր մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւողութեամբ աշակերտները ներկայացուցին երգեր, պարեր եւ կենդանի պատկեր:

Յանձնախումբի գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցեց յանձնախումբի պատասխանատու Ալին Տէկիրմենճեան: Ան նկատել տուաւ, որ յանձնախումբը օգտակար կը դառնայ հիւանդներու ու փոքրերուն: Ձմրան կը կազմակերպեն սերտարան մը` չնչին գինով, ուր կը յաճախեն մանուկներ եւ կը պատրաստեն իրենց յաջորդ օրուան դասերը:

Շաբաթ օրերը խաղավայր կ՛ունենան: Յանձնախումբը օգտակար կը դառնայ նաեւ կարիքաւոր ընտանիքներու անոնց` տրամադրելով անոնց հարկ եղածները: Իսկ ամառը կ՛ունենան ամառնային Սուրբ գրոց վարժարան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )