ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԹՐԻՓՈԼԻ
Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ երէկ այցելեց Թրիփոլի, ուր ընդունուեցաւ Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Լիբանանի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաարի կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-թրքական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութեան բարելաւման հեռանկարները:
Հանդիպումէն ետք Էօզեըլտըզ ողջունեց միւֆթի Շաարի տեսակէտներն ու կեցուածքները` նշելով, որ ինք միւֆթիին խորհուրդներն ու առաջարկները պիտի փոխանցէ իր պետութեան:
Իր կարգին, միւֆթի Շաար յայտնեց, որ Թուրքիոյ դեսպանին հետ քննարկած է Թրիփոլիի մէջ իրագործուելիք բարգաւաճման ծրագիրը` աւելցնելով, որ Էօզեըլտըզ փոխանցած է իրեն, թէ Թրիփոլիի մէջ թրքական պետութեան կողմէ ֆինանսաւորուած մաուլաուիական տերվիշական պատմական օթեակին բացումը պիտի կատարուի Թուրքիոյ նախագահին կողմէ:
Միւս կողմէ, Ինան Էօզեըլտըզ նախանցեալ օր տեղի ունեցած կլոր սեղանի մը ընթացքին շեշտեց, որ Թուրքիոյ մէջ աշխարհիկ կարգերուն հաստատումը կը կազմէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան գաղափարաբանութեան հիմքը:
Ան նշեց, որ Թուրքիոյ մէջ աշխարհիկ կարգերու հաստատումը մետասաներորդ պահուն չէ որոշուած, այլ անոր արմատները կ՛երթան մինչեւ 1839-ի Թանզիմաթի օրերը:
Թուրք դեսպանը գովաբանեց 90 տարիէ ի վեր Թուրքիոյ մէջ աշխարհիկ կարգերու հաստատման իրականութիւնը` շեշտելով, որ անիկա եղած է կամուրջը դէպի բազմատարր ժողովրդավարութիւն:

