Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Սարգսեան-Քերրի-Ալիեւ Հանդիպումին Մասին Յայտարարութիւն Տարածած Է

0905_Meeting«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Կալեսի Նիւփորթ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Սարգսեան-Քերրի-Ալիեւ հանդիպումին ընթացքին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի խոր մտահոգութիւն յայտնած է հայ-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ տեղի ունեցած վերջին բռնարարքներուն նկատմամբ եւ կոչ ուղղած կողմերուն աւելի պաշտօնական բանակցային հոլովոյթ թեւակոխելու:

«Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Քերրին Նիւփորթի մէջ` ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին ընթացքին, հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ` քննարկելու համար Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման  ջանքերը: Ան իր խոր մտահոգութիւնը յայտնած է շփման գիծին վրայ տեղի ունեցած վերջին բռնարարքներու նկատմամբ, որոնք նշանաւորեցին տագնապին ամէնէն շատ զոհեր տոած ժամանակաշրջանը 1994-ի զինադադարի հաստատումէն ի վեր:

«Միացեալ Նահանգներ կը հաւատան, որ թշնամանքի դադրեցումը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորումը խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում պիտի բերեն երկու երկիրներու ժողովուրդներուն, պիտի նպաստեն կայունութեան հաստատման Հարաւային Կովկասի մէջ: Այս նպատակով արտաքին գործոց նախարար Քերրի կոչ ուղղած է նախագահներուն խստօրէն յարգելու զինադադարը եւ լրացուցիչ քայլերու ձեռնարկելու իրենց երկիրներու հասարակութիւնները խաղաղութեան նախապատրաստելու ուղղութեամբ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը նաեւ կոչ ուղղած է երկու երկիրներու նախագահներուն աշխատելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ, որոնք յանձնառու են հիմնախնդիրի խաղաղ եւ տեւական լուծման նպատակով աջակցելու կողմերուն: Միաժամանակ` ան ողջունած է նախագահներու պատրաստակամութիւնը` լուծման հիմնական տարրերուն շուրջ երկխօսութեան շարունակականութեան հարցին մէջ:

«Քերրի հաղորդած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիին տակ մտնել աւելի պաշտօնական բանակցային հոլովոյթի մէջ` այնպէս, ինչպէս առաջարկած էր ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահող Զուիցերիան: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը վստահեցուցած է, որ հոլովոյթին շարունակականութիւնը պիտի յանգեցնէ կողմերուն միջեւ վստահութեան հաստատման եւ խաղաղութեան, որուն արժանի են շրջանի ժողովուրդները», կը յայտնէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Ուորլիք Արդիւնաւէտ Կը Գնահատէ
Սարգսեան-Քերրի-Ալիեւ Հանդիպումը

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք` անդրադառնալով Կալեսի մէջ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ նախանցեալ օր տեղի ունեցած հանդիպումին, «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ արդիւնաւէտ բանակցութիւններ հիւրընկալած է:

«Կալեսի մէջ Ճոն Քերրի Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ արդիւնաւէտ բանակցութիւններ հիւրընկալած է: Մենք օգնելու պատրաստ ենք», գրած է ամերիկացի համանախագահը:

Յիշեցնենք, որ հինգշաբթի երեկոյեան Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 19:30-ին ամերիկեան կողմին նախաձեռնութեամբ Նիւփորթի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի եռակողմ հանդիպումը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES