Թուրքիան Ու ՏԱՀԵՇը Զինակիցնե՞ր Են

0909_ISIL«Ճէոփոլիթիքըլ էնէլիսիզ էնտ մոնիթըրինկ» կայքէջը կը գրէ, որ ներկայիս, երբ ամերիկեան ուժերը Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ռազմական գործողութիւններ կը կատարեն, Օպամայի վարչակազմը պէտք է ՏԱՀԵՇ-ը բոլոր ճակատներու վրայ ճնշէ` թիրախ դարձնելով անոր ֆինանսաւորում ու զէնքեր մատակարարողները: Կը կարծուի, որ այդ բոլորին առնչուած է Միացեալ Նահանգներու դաշնակից ու ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիան: Թուրքիոյ դերակատարութեան յստակացումը թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն կը ծառայէ:

Կը հաղորդուի, որ Էրտողանի որդին կը ֆինանսաւորէ մարդկային իրաւանց, ազատութեան ու մարդասիրական օժանդակութեան հասարակական կազմակերպութիւն IHH-ը, որ ծանօթ է իսլամական ծայրայեղական խմբաւորումներու կատարած իր օժանդակութեամբ:

Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամներ եւ ականաւոր դէմքեր Թուրքիոյ եւ ՏԱՀԵՇ-ի հետ կապը բազմիցս լուսարձակի տակ առած են: Ըստ անոնց, Մարդկային իրաւանց ու ազատութեանց եւ մարդասիրական օժանդակութեան հիմնարկը (IHH) նշանակալից դերակատարութիւն ունի: Նորընտիր նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որդին` Պիլալ Էրտողան, նշեալ հիմնարկի վարչութեան հետ կապեր ունի եւ իր հօր քաղաքական ցանցը կ՛օգտագործէ կազմակերպութեան համար դրամահաւաք կատարելու նպատակով: Կարգ մը աղբիւրներ կ՛ըսեն, որ Պիլալ նոյնիսկ IHH-ի վարչութեան անդամ եղած է, սակայն IHH-ի կայքը ներկայիս անոր անունը չի նշեր:

1 յունուար 2014-ի IHH-ին պատկանող բեռնակառք մը կանգնեցուեցաւ Ատանայի մօտ, ոստիկանութեան անցարգելի մը վրայ: Անիկա բեռցուած էր զէնքերով ու զինամթերքով եւ կ՛ուղղուէր Սուրիա: Ալեքսանտրեթի դատախազը փորձեց քննութիւն կատարել, սակայն քննութիւն կատարել արգիլուեցաւ: Երբ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարին ու ՄԻԹ-ի (գաղտնի սպասարկութիւն) կողմէ արդարադատութեան աշխատանքի խանգարման համար դատական հայց ներկայացուց, զինք գործէն վտարեցին: Բեռնակառքը կանգնեցուցած ոստիկանները գործէ արձակուեցան: Կառավարիչը յայտնեց, որ գործողութիւնը «պետական գաղտնիք» մըն էր:

Սուրիա ուղղուող երկու փոխադրակառքերու մէջ եւս զինամթերք յայտնաբերուեցաւ: Ատանայի ոստիկանութեան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի բաժանմունքէն ոստիկաններ զինամթերքի լուսանկարները փոխանցեցին լրատուամիջոցներուն: Անոնք եւս գործէ վտարուեցան:

Յունուար 2014-ին կառավարութիւնը Թուրքիոյ վարկը փրկելու փորձով մը ճնշում գործադրեց IHH-ի վրայ: Թրքական իշխանութիւնները ձերբակալեցին 23 անձեր, ներառեալ` Քայիտայի բարձրաստիճան գործիչներ, որոնք կապ ունէին IHH-ի հետ: Անոնց շարքին էր Միջին Արեւելքի մէջ Քայիտայի փոխ ղեկավարը, որ Կուանթանամոյի նախկին բանտարկեալ մըն է, ինչպէս նաեւ` Թուրքիոյ մէջ Քայիտայի ներկայացուցիչ Հալիս Պայանչուք: IHH-ի դէմ քայլը տեղի ունեցաւ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի լուծման «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովէն առաջ, ուր կը նախատեսուէր, որ Թուրքիա յառաջատար դերակատարութիւն ունենայ:

Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամներ տակաւին կը պնդեն, որ կառավարութիւնը կը շարունակէ աջակցիլ ժիհատականներուն` անոնց Թուրքիայէն Սուրիա մուտքը դիւրացնելով, զէնքեր տրամադրելով եւ վիրաւոր զինեալներ թրքական պետական հիւանդանոցներու մէջ դարմանելով:

Զինեալներուն 10 Առ Հարիւրը
Թուրքիոյ Քաղաքացիներ Են

Թուրք երեսփոխաններ նամակ մը յղեցին նախագահ Էրտողանի եւ Տաւութօղլուի` ՏԱՀԵՇ-ի հետ կառավարութեան կապերուն եւ IHH-ի գործունէութենէն կառավարութեան տեղեակ ըլլալուն մասին պաշտօնական բացատրութիւն մը պահանջելով:

Երեսփոխաններ կը հաղորդեն, որ առանց թիւի բեռնակառքեր շարունակ Սուրիոյ սահմանակից Ատանա, Քիլիս, Այնթապ եւ Կեսարիա քաղաքներուն մօտէն կ՛անցնին: Անոնք կը հաւատան, որ բեռնակառքերը զէնք կը փոխադրեն: Քիլիսի բնակիչները կը նշեն, որ թուրք պաշտօնատարներուն եւ սահմանին սուրիական կողմը գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի անդամներու միջեւ սովորական յարաբերութիւններ գոյութիւն ունին:

Ըստ թուրք բժիշկի մը, թրքական հիւանդատարներ վիրաւորները թրքական հիւանդանոցներ կը փոխադրեն: Վիրաւորները պաշտօնական թուղթեր կամ անձագիրներ չունին: Թուրքիոյ առողջապահութեան նախարարութիւնը կը հոգայ անոնց դարմանումին ծախսերը: Ապրիլ 2014-ին հրապարակուեցաւ ՏԱՀԵՇ-ի տխրահռչակ մէկ հրամանատարին` Ապու Մուհամատի Ալեքսանտրեթի հիւանդանոցին մէջ դարմանուելու ընթացքին լուսանկարը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )