ՕՐԸ ՕՐԻՆ. «ՀԱՆՃԱՐԵՂ» ՔԱՂԱՔԱԳԷՏԸ

Էլմար Մամետեարովն է, որ գիւտ մը ընողի յուզումով կ՛առաջարկէ բոլորովին նոր ուղի մը բանալ ղարաբաղեան հարցի բանակցութեանց մէջ` մէկդի դնելով այսպէս կոչուած Մատրիտեան հիմնարար սկզբունքներուն շուրջ խօսակցութիւնները եւ աշխատանքները կեդրոնացնելով «օրինականօրէն պարտադրելի» համաձայնագիր մը մշակելու վրայ:

Ա՛լ ինչո՞ւ աշխարհն ու հայերը իրար անցած են: Ազրպէյճանցի այս չնաշխարհիկ քաղաքագէտը փակուղային իրավիճակէն դուրս գալու միտքը յղացած է արդէն, ու երկու կողմերուն կը մնայ նստիլ սեղան ու գրիչը ձեռքին` աշխատիլ քաղաքական բարդ թնճուկի վերածուած ղարաբաղեան հարցին լուծումներ բանաձեւել` խաղաղութեան համաձայնագիրի վերջնական տարբերակը պատրաստել:

Այսուհանդերձ, բանակցային հոլովոյթին միայն մամլոյ հրապարակումներուն միջոցով հետեւողներուս համար, անշուշտ բոլորովին անհասկնալի կը մնայ, թէ երկու կողմերը ի՞նչ հարցերու շուրջ պիտի խօսին, եթէ օրակարգէն դուրս պիտի թողուն Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի հարցը, կամ ալ` ազրպէյճանական կողմին համար այնքա՛ն կենսական` տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը, ինչպէս նաեւ այս երկու հիմնարար սկզբունքներուն հաշտեցման խնդիրը:

Ազրպէյճանական «գիւտը» զարմանահրաշ կարողութիւն մը պէտք է ունենայ, որ կարենայ համոզել ղարաբաղցիները եւ Հայաստանը` մէկդի դնել բոլոր վիճելի խնդիրները եւ պարզապէս Ղարաբաղը Ազրպէյճանին յանձնելու պայմանները արձանագրելով զբաղիլ: Պայմաններն ալ, անշուշտ, պէտք է պարզապէս Ազրպէյճանի նախագահին հրամանագիրով հաստատուին ու® վերջ. հարցը կը լուծուի ու ամէն մարդ կ՛երթայ իր աշխատանքին:

Այնպէս կը թուի, որ ազրպէյճանական դիւանագիտութիւնը անհեթեթ գաղափար մը նետելով հրապարակ` Ռուսիոյ նախագահին նոր առաջարկը, ինչ որ է, մերժելու ճանապարհ մը կը փնտռէ պարզապէս:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES