Փարիզի «Նուպարեան» Գրադարանին Մէջ Ցեղասպանութեան Մասին Փաստաթուղթ Կը Յայտնաբերուի

0909_YesayanԹուրք պատմաբան Ումիտ Քիւրտ եւ լրագրող Ալեւ Էր Փարիզի «Նուպարեան» գրադարանին մէջ կատարուող ուսումնասիրութիւններուն ընթացքին յայտնաբերած են Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ ցարդ չհրապարակուած փաստաթուղթ մը, որուն հեղինակն է գրող Զապէլ Եսայեան: Վերջինիս պատրաստած 11 էջնոց փաստաթուղթը կը պատմէ 1915-ին եւ անկէ ետք հայ կիներու հետ պատահած շարք մը դէպքերու մանրամասնութիւնները:

Եսայեան վերոնշեալ փաստաթուղթը ներկայացուցած է Փարիզի խորհրդաժողովին մասնակցած հայկական պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Պօղոս Նուպար փաշային:

«Ակօս» թերթը ներկայացուցած է փաստաթուղթին որոշ հատուածները, որոնց մէջ Եսայեան կը նշէ, թէ պատերազմի առաջին օրերէն Իթթիհատ վէ թերաքքը կուսակցութիւնը համակարգուած կերպով կ՛ոչնչացնէ կայսրութեան ոչ իսլամ բնակչութիւնը: Երիտասարդ կիներ եւ երեխաները, որոնց թիւը 200 հազարէն աւելի եղած է, բռնի ուժով առեւանգուած են ու այդ բռնութիւններուն կ՛ենթարկուին ոչ միայն հայերը, այլ նաեւ` ասորիները, յոյներն ու նեստորականները:

Եսայեան ներկայացուցած է նաեւ բռնութիւններէն օրինակներ: Փաստաթուղթին ամենատպաւորիչ հատուածներէն մէկը կ՛առնչուի հայ կրթուած կիներու անձնասպանութեանց` բռնութիւններէն խուսափելու նպատակով: Անոնցմէ շատերը իրենց երիտասարդ դուստրերը կը նետէին Եփրատ գետը, ապա նոյն այդ ջուրերուն մէջ անձնասպանութեան կը դիմէին, երբեմն` իրենց նորածիններուն հետ:

Եսայեան կը նշէ, որ անոնց մէկ մասը խելագարած էր, իսկ ուրիշներ յաջողած էին փախչիլ բռնութիւններէն, սակայն անոնք սպաննուած կամ մահացած էին ճամբաներու վրայ: Ոմանք, որոնք շատ փոքրաթիւ էին, կրցած են սպաննել իրենց դէմ բռնացողը:

Եսայեան կը նշէ, թէ անոնք, որոնք առեւանգման ժամանակ անչափահաս էին, անպայման պէտք է վերադարձուէին իրենց ընտանիքներուն կամ տուեալ ազգի համապատասխան կառոյցներուն: Ան աւելի բարդ նկատած է չափահասներու վերադարձի հարցը, յատկապէս անոնց պարագան, որոնք արդէն իսլամացուած էին եւ ամուսնանալով` զաւակներ ունէին ու չէին ուզեր վերադառնալ: Անոնց մէկ մասը պարզապէս կ՛ամչնար, իսկ ուրիշներ կորսնցուցած էին վստահութիւնը իրենց երկրին նկատմամբ: Եսայեան կ՛առաջարկէր ստեղծել յատուկ միջազգային յանձնաժողով մը, որ կը զբաղի այդ կիներու հարցերով:

Նշենք, որ Եսայեան 1915-ի ապրիլ 24-ի հայ մտաւորականներու աքսորէն կրցած էր փրկուիլ` հիւանդանոցի մը մէջ թաքստոց մը գտնելով: Որոշ ժամանակ Պուլկարիա մնալէ ետք ան Պաքու գացած էր` մասնակցելու հայ գաղթականներու եւ որբերու օգնութեան աշխատանքին: 1933-ին Խորհրդային Հայաստանի կառավարութեան հրաւէրով հաստատուած էր Երեւան` գրականութիւն դասաւանդելով Երեւանի պետական համալսարանին մէջ: 1937-ի ստալինեան աքսորի օրերուն տարուած էր Սիպիր: Անոր մահուան տարին ու վայրը ցարդ անյայտ են:

Share this Article
CATEGORIES