ՓՐՈՖ. ԱՔՉԱՄ ԿԸ ԲԱՑԱՅԱՅՏԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՈՂՄԷ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԺԽՏԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐ ԿԱՇԱՌԵԼՈՒ ԾՐԱԳԻՐԸ

Անցեալ ամիս Կլենտէյլի Հանրային գրադարանին մէջ տեղի ունեցած դասախօսութեան մը ընթացքին փրոֆ. Թաներ Աքչամի յայտարարութիւնը նման էր ռումբի պայթումի, երբ ան բացայայտեց, որ Պոլսոյ մէջ գաղտնի աղբիւր մը իրեն յայտնած է, թէ ինչպէ՛ս Թուրքիոյ կառավարութիւնը կաշառած է ամերիկացի գիտնականներ` Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու համար:

Մեսեչուսեցի Ուսթըր քաղաքի «Քլարք» համալսարանի Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան «Գալուստեան-Մուկար» ամպիոնի վարիչ դոկտ. Աքչամ նշեց, թէ` «Թուրքիոյ կառավարութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ կը հետապնդէ շատ հետեւողական եւ յարձակողական քաղաքականութիւն մը», փորձելով կասկածի տակ դնել Հայոց ցեղասպանութեան փաստը: Անգարայի մեծ նախագիծն է` թրքական ժխտողական պնդումները առաւել լայն շրջանակի համար ընդունելի դարձնել, այնպէս, ինչպէս 1915-ի դէպքերը ընդունուած են իբրեւ ցեղասպանութիւն: Աւելի՛ն. Թուրքիան եւ իր ներկայացուցիչները Միացեալ Նահանգներու դատարաններուն մէջ շարք մը դատավարութիւններու միջոցով կը փորձեն ներկայացնել Ցեղասպանութիւնը ժխտող գիտնականներու հասցէին քննադատութիւնները եւ համալսարանի ծրագիրներէն պատմութեան «միտումնաւոր վերախմբագրման» նիւթերու բացառումը` իբրեւ «ակադեմական ազատութեան» սահմանափակում:

Փրոֆ. Աքչամ, որ Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ընդունող առաջին գիտնականներէն մէկն էր, պատմեց, թէ նախորդ դեկտեմբերին, Պոլիս այցելութեան ընթացքին, ինք առանձինն զրոյց ունեցած է անձի մը հետ, որ ունէր «ներքին տեղեկատուութիւն»` Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին ուղղուած Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան գործողութիւններուն մասին: Դոկտ. Աքչամի գաղտնի աղբիւրը հաղորդած է իրեն, թէ 2004-2005 թուականներուն ամերիկեան համալսարանի մը փրոֆեսէօրը հանդիպած է «Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հետ կապուած պաշտօնեաներու հետ»: Այդ հանդիպման ընթացքին փրոֆեսէօրը ըսած է հիւրընկալող կողմին, որ` «Թուրքիան գիտական մակարդակով համակարգուած ծրագիր չունի Հայոց ցեղասպանութեան ամբաստանութիւններուն հակազդելու համար», եւ որ` «Ցեղասպանութեան ենթադրութիւնը արդէն լաւապէս հաստատուած է», նշելով, որ անոնք «քիչ բան» կրնան ընել` «բացայայտօրէն հակազդել փորձելով անոր» (Ցեղասպանութեան փաստին):

Դոկտոր Աքչամ գաղտնօրէն տեղեկացած է, թէ Ամերիկայի այդ փրոֆեսէօրը թուրք պաշտօնեաներուն ներկայացուցած է հետեւեալ առաջարկը. «Անհրաժեշտ է փորել փոս մը` Ցեղասպանութեան բոլոր պահանջներուն առջեւ. պէտք է կասկածներ ստեղծել` պատրաստելով այնպիսի գիտական աշխատանքներ, որոնք կը յարուցեն նման կասկած մը»: Դոկտոր Աքչամ մեկնաբանած է այս բառերը, նկատի ունենալով, որ «ստեղծելով եւ խրախուսելով նոր գիտական աշխատանքներ»` ամերիկացի գիտնականները կրնան «սովորական դարձնել այն գաղափարը, որ 1915-ը ցեղասպանութիւն չէր, ճիշդ այնպէս, ինչպէս այն կարծիքը, թէ` ատիկա ցեղասպանութիւն էր»:

Թէեւ ընդհանուր առմամբ յայտնի է, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը դրամական միջոցներ կը տրամադրէ բազմաթիւ գիտաշխատողներու, որպէսզի անոնք Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող յօդուածներ եւ գիրքեր հրապարակեն, ասիկա առաջին անգամն է, որ տուեալ ենթադրութիւնները կը հաստատուին թրքական վստահելի աղբիւրի մը կողմէ: Գաղտնի աղբիւրը յայտնած է դոկտ. Աքչամին, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդունած է ամերիկացի դասախօսին առաջարկը, եւ` «Միացեալ Նահանգներուն փոխանցած է մեծ գումար մը»: Վստահելի աղբիւրը բացայայտած է դոկտ. Աքչամին` այդ ամերիկացի դասախօսներուն անունները, որոնք ստացած էին դրամական միջոցներ` Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող գիրքեր գրելու համար, եւ յայտնած, թէ` «կան անոնց ձեռքով ստորագրուած փաստաթուղթեր, եւ թէ` այս ստացականները այժմ կը գտնուին արտաքին գործոց նախարարութեան արխիւներուն մէջ»:

Իր դասախօսութեան ընթացքին դոկտ. Աքչամ նշեց, որ ան չէ ուզած «ոեւէ գիտնականի վրայ կասկածի ստուեր ձգել»: Այնուամենայնիւ, ան երբ կապած է Պոլսոյ իր աղբիւրէն ստացած տեղեկութիւնները վերջին որոշ հրապարակումներու հետ, «յառաջացած է անհանգստացնող պատկեր մը` Հայոց ցեղասպանութեան հետ կապուած ուսումնասիրութիւններուն առնչութեամբ»:

Այնուհետեւ, դոկտ. Աքչամ անդրադարձաւ Մայքըլ Կանթըրի «Հայոց պատմութիւնը եւ Ցեղասպանութեան հարցը» խորագրեալ վերջին գիրքին` իբրեւ «սոյն մօտեցման հնարաւոր օրինակ»: Գիրքի հրատարակիչին` Փալկրէյվ Մաքմիլանի, համացանցային կայքէջը կը նշէ. «Թէեւ 600 հազար հայեր մահացած են Առաջին Համաշխարհային պատերազմին, սակայն ատիկա ո՛չ օսմանեան Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ կանխամտածուած քաղաքականութիւն եղած է, ո՛չ ալ առանց պատճառի, միակողմանի իրականացուած դէպք: Ի հարկէ, ոչ մէկ պարագայի ասիկա չի կրնար արդարացնել իրականացուած սարսափելի անկարգութիւնները»:

Աւելի՛ն. փրոֆ. Աքչամ նկատեց, որ չորս գիտնականներ` Եութայի համալսարանէն Հաքան Եաւուզ, Մեսեչուսեցի համալսարանէն Կենթըր Լըուի, Անգարայի «Պիլքենթ» համալսարանէն Ճերըմի Սալթ եւ Վըրճինիայի «Մարին Քորփս Քամմեն էնտ Սթաֆ» հրամանատարական դպրոցէն Էտուըրտ Ճ. Էրիքսըն, որոնք գովասանական խօսքեր գրած էին Կանթըրի գիրքին մասին, «քաջ յայտնի են 1915 թուականի Ցեղասպանութեան հետ կապուած իրենց ժխտողական դիրքով եւ աշխատանքներով»: Թէեւ փրոֆ. Աքչամ չէր փափաքեր «մեղադրանքի խօսքեր հնչեցնել գիրքի հեղինակին հասցէին», սակայն ան ըսաւ. «Տարօրինակ նմանութիւնները, որոնք առկայ են Պոլսոյ մէջ գաղտնաբար ինծի ըսուածին եւ գիրքի շապիկի խօսքերուն միջեւ, զիս հիասթափեցուցին. այդքա՛ն»:

Թէեւ ոչ ոք պէտք է մեղադրէ գիտաշխատողները` Թուրքիոյ կառավարութենէն կամ անոր հաւատարմատար անձերէն գումարներ ստանալու համար` առանց հիմնաւոր ապացոյցներու, մեծապէս լուսաբանելի կ՛ըլլայ, եթէ անոնցմէ ոեւէ մէկը կամաւոր կերպով հանդէս գայ եւ բացայայտէ, թէ արդեօք ինք ֆինանսաւորուա՞ծ է թրքական աղբիւրներու կողմէ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց` ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

 

 

Share this Article
CATEGORIES