Ռոյս Կը Վիրաւորուի Գերմանիա-Սկովտիա Խաղին Ընթացքին

Մարքօ Ռոյս

Մարքօ Ռոյս

Գերմանիոյ ազգային հաւաքականի եւ Պորուսիա Տորթմունտի յառաջապահ Մարքօ Ռոյս վնասուածք ստացած է Եուրօ 2016-ի զտումի` ընդդէմ Սկովտիոյ Գերմանիոյ առաջին մրցումին ընթացքին:

Ան խաղին 90-րդ վայրկեանին  ստացաւ հարուած մը եւ կը խօսուի, թէ նոյն վնասուածքն է, որ ստացած էր 5 յուլիսին, երբ Գերմանիա բարեկամական մրցում մը կատարեց Հայաստանի դէմ:

Տորթմունտի պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ 25-ամեայ մարզիկը դաշտերէն պիտի բացակայի մօտաւորապէս մէկ ամիս: Ան պիտի բացակայի «Չեմփիընզ Լիկ»-ի առաջին խաղէն, որ իրար դէմ պիտի հանէ Տորթմունտը եւ Արսենալը:

Share this Article
CATEGORIES