Եուրօ 2016. Տի Պիասի. «Ալպանիան Պատմական Յաղթանակ Մը Իրագործեց»

Ճիաննի Տի Պիասի
Ալպանիոյ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Ճիաննի Տի Պիասի, Եուրօ 2016-ի զտումի առաջին խաղէն ետք, որ յաղթանակով աւարտեցաւ ի նպաստ Ալպանիոյ, ընդդէմ` Փորթուգալի, նշեց, որ իր խումբը կերտեց պատմական արդիւնք մը: Ալպանացիները 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին Փորթուգալը, եւ այս արդիւնքը շատերու համար անսպասելի էր:
Տի Պիասի նշեց, որ իրենք բախտաւոր էին, որովհետեւ Քրիսթիանօ Ռոնալտոն բացակայ էր Փորթուգալի կազմէն, սակայն միւս կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց իր մարզիկներուն եւ քաջալերեց զանոնք` ըսելով, որ իրենք էին այս արդիւնքը կերտողները:
CATEGORIES Մարզական

