ՀՅԴ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 11-ՐԴ ԲԱՆԱԿՈՒՄ

11-րդ տարին ըլլալով` Հայաստանի եւ Արցախի մէջ (Աղուերան եւ Շուշի) 4-11 օգոստոսին պիտի կազմակերպուի ՀՅԴ ուսանողական եւ Երիտասարդական միութիւններու բանակում-հայրենագնացութիւնը:

Բանակումին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Քանատայի, Միացեալ Նահանգներու, Հարաւային Ամերիկայի, Իրանի, Անգլիոյ, Հոլանտայի, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ այլ երկիրներէ համախմբուած ՀՅԴ երիտասարդական միութիւններու 100-է աւելի անդամները:

ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութիւնը բանակումին կը մասնակցի 15 անդամ-անդամուհիներով, որոնք առիթը պիտի ունենան ի մի գալու դաշնակցական այլ երիտասարդներու հետ, հայրենի հողին վրայ, ճանչնալու երկիրը եւ ժողովուրդը, մտքեր ու փորձառութիւններ փոխանակելու եւ տարբեր շրջաններու միութեանց գործունէութեան ծանօթանալու:

Բանակումին մասնակցողներուն համար նախատեսուած է պաշտօնական բացում` հինգշաբթի, 4 օգոստոսին, Եռաբլուրի մէջ:

Նախատեսուած են նաեւ այցելութիւններ Ծիծեռնակաբերդ եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, պտոյտներ դէպի Սեւան, Գեղարդ ու Գառնի, Էջմիածին: Յայտագիրը ճոխացած պիտի ըլլայ դասախօսութիւններով, ընկերային կեանքով, տարբեր բնոյթի այցելութիւններով: Ապա բանակողները պիտի փոխադրուին Արցախ, ուր պիտի շարունակուի բանակումի կանոնաւոր յայտագիրը` այցելութիւններով դէպի Շուշի, Գանձասար, Ստեփանակերտ եւ այլն:

Share this Article
CATEGORIES