Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Քաջալերական խօսքեր ինքնավստահութիւն պիտի ներշնչեն ձեզի: Այս ձեւով պիտի շարունակէք ձեր գործունէութիւնը դրական տրամադրութեամբ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր տրամադրութիւնը կ՛ազդէ ձեր առողջութեան վրայ: Ժամանակ տրամադրեցէք ամփոփուելու եւ հարցերը պարզութեամբ քննարկելու:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Կարիքը ունիք ապահով զգալու: Զուր տեղ անօգուտ հարցերու մասին մի՛ մտածէք եւ մի՛ տրտմիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Հակասութիւնները եւ ինքնավստահութեան պակասը ժամանակի մը համար մտահոգիչ պիտի նկատէք: Հովը կը դառնայ, անիւն ալ կը դառնայ. մի՛ մտահոգուիք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Խուսափեցէ՛ք վերջին վայրկեանին կարգադրուած ճամբորդութենէ: Աճապարանքով կատարուած գործը կը ձախողի:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Կասկածի ժամանակաշրջան մը կը հաստատուի: Շուտով կը յուսալքուիք: Դուք ձեզի քաջութիւն պարտադրեցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Փոխանակ ուրիշները քննադատելու` ձեր ըսելիքին մասին մտածեցէ՛ք: Անսխալական մարդ չկայ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Օրը դժուար է, սակայն ձեր ասպարէզին գործունէութեան ընթացքը դրական պիտի ըլլայ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Սիրոյ մէջ աճապարանքը վախ կը պատճառէ սիրելիին: Ժամանակ տրամադրեցէ՛ք եւ համբերեցէ՛ք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Որոշ վիրաւորանքներ, անցեալին կատարուած, տակաւին ցաւ կը պատճառեն ձեզի: Անտարբեր մնացէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Պէտք է չափաւորէք եւ հանդարտեցուցէք ձեր նկարագիրը: Դիւանագէտ եղէ՛ք, որպէսզի կարենաք լեզու գտնել շրջանակին մէջ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Դուք ձեզ կը վտանգէք շատ ծախսելով, յետոյ կը զղջաք: Տրամաբանելով կատարեցէք ձեր առեւտուրը:

