ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ՏԱՊԼԻՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ՕՐԷՆՍԴԻՐ ԵՒ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԵՏ
Նախանցեալ օր տեղի ունեցած է արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի այցելութիւնը Իրլանտա: Տապլինի մէջ տեղի ունեցած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի հանդիպումները Իրլանտայի օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու հետ:
Իրլանտայի փոխվարչապետ, արտաքին գործոց եւ առեւտուրի նախարար Էյմոն Կիլմորի հետ հանդիպման ընթացքին ծաւալած են հանգամանալից քննարկումներ երկկողմ յարաբերութիւններու օրակարգի ձեւաւորման շուրջ: Քննարկուած են շրջանային, միջազգային, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակներուն մէջ համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: Հաշուի առնելով յաջորդ տարի Իրլանտայի կողմէ ԵԱՀԿ-ի նախագահութեան ստանձնումը` կողմերը անդրադարձած են կազմակերպութեան առաջնակարգ հարցերուն:
Նախարար Նալբանդեան եւ Էյմոն Կիլմոր երկուստեք նշած են, որ, հակառակ աշխարհագրական հեռաւորութեան, Հայաստան եւ Իրլանտա բազմաթիւ քաղաքակրթական, մշակութային ընդհանրութիւններ ունին, եւ ատիկա կրնայ լաւ հիմք ծառայել միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման համար:
Յատուկ նշուած է երկկողմ համագործակցութեան տնտեսական բաղադրիչի ամրապնդման կարեւորութիւնը, գործարար շրջանակներու համար նպաստաւոր պայմաններու ստեղծման անհրաժեշտութիւնը: Նախարարները պայմանաւորուած են յստակ քայլեր ձեռնարկելու երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական երկխօսութեան աշխուժացման, առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման համար, անդրադարձած են տնտեսական մարզին մէջ համագործակցութեան հաւանական ուղղութիւններուն: Այս տեսանկիւնէն երկուստեք կարեւոր նկատուած է հանդիպումէն առաջ ստորագրուած «Հայաստանի կառավարութեան եւ Իրլանտայի կառավարութեան միջեւ եկամուտներու եւ գոյքի կրկնակի հարկումը բացառելու եւ հարկումէն խուսափիլը կանխելու մասին» համաձայնագիրը:
Հայաստանի եւ Իրլանտայի արտաքին գործոց նախարարները հանգամանալից զրոյց ունեցած են ԵԱՀԿ-ի օրակարգային հարցերուն վերաբերեալ: Էյմոն Կիլմոր ներկայացուցած է ԵԱՀԿ-ի մէջ իրլանտական նախագահութեան առաջնահերթութիւնները, կազմակերպութեան նպատակներու իրականացման ուղղուած ձեռնարկուելիք քայլերը: Էդուարդ Նալբանդեան ըսած է, որ Հայաստան աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ ԵԱՀԿ-ի մէջ իրլանտական նախագահութեան:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը իրլանտացի իր գործընկերոջ ներկայացուցած է արցախեան հիմնախնդրի լուծման հոլովոյթին վերջին զարգացումները:
Զրուցակիցները անդրադարձած են Հայաստան- Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան, այդ ծիրին մէջ իրականացուող ծրագիրներուն եւ յարաբերութիւններու զարգացման ուղղուած նախագիծերուն:
Նախարարներ Նալբանդեան եւ Կիլմոր մտքեր փոխանակած են միջազգային օրակարգի գործնական խնդիրներու` Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող հաւանական զարգացումներուն վերաբերեալ:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Էդուարդ Նալբանդեան իրլանտացի իր գործընկերը հրաւիրած է Հայաստան:
Տապլինի մէջ Էդուարդ Նալբանդեան այցելած է նաեւ Իրլանտայի խորհրդարան, ուր հանդիպում ունեցած է խորհրդարանի վերին եւ ստորին պալատներու արտաքին յարաբերութիւններու միացեալ յանձնախումբի նախագահ Փեթ Պրինի եւ յանձնախումբի անդամներուն հետ:
Իրլանտացի խորհրդարանականներուն հետ հանդիպման ընթացքին ընդգծուած է խորհրդարանական փոխադարձ գործակցութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս երկկողմանի, այնպէս ալ բազմակողմանի ձեւաչափերու մէջ: Իրլանտացի երեսփոխաններուն խնդրանքով` Էդուարդ Նալբանդեան ներկայացուցած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան գերակայութիւնները, Հայաստանի մօտեցումները շարք մը միջազգային եւ շրջանային խնդիրներու վերաբերեալ: Փեթ Պրին տեղեկացուցած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ խորհրդարանական համագործակցութիւնը խթանելու նպատակով` Իրլանտայի օրէնսդիր մարմինին մէջ կը նախատեսուի ձեւաւորել միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբ:
Նոյն օրը Էդուարդ Նալբանդեան այցելած է Տապլինի Միջազգային եւ Եւրոպական գործերու հիմնարկ, ուր հանդիպում ունեցած է քաղաքագիտական կեդրոնի տնօրէնութեան հետ եւ ելոյթ ունեցած` ներկայացնելով Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները: Նախարարին ելոյթին ներկայ եղած են Իրլանտայի արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, մասնագէտներ եւ Տապլինի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտներ:
Իր ելոյթին մէջ Էդուարդ Նալբանդեան անդրադարձած է հայ-իրլանտական ընդհանրութիւններուն, ներկայիս երկու պետութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման նպատակով ձեռնարկուող քայլերուն, Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն եւ շրջանային հարցերուն: