ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ Ս. ԲԱՐԹՈՂԻՄԷՈՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԻ
«Հայթերթ» կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ Վանի նահանգապետ Մունիր Քարալօղլուն յայտարարած է, որ Բաշքալէի մէջ գտնուող Ս. Բարթողիմէոս եկեղեցին պիտի վերանորոգուի: Հայկական հնադարեան այս եկեղեցիին վերանորոգումով կը նպատակադրուի շրջանին մէջ զարգացնել զբօսաշրջութիւնը:
Քարալօղլուի կարգադրութեամբ, նահանգային յատուկ վարչութեան բաժանմունքէն խումբ մը այցելած է Ս. Բարթողիմէոս եկեղեցի եւ վերանորոգման ու վերանախագծման համար զեկուցում պատրաստած է:
Եկեղեցին կը գտնուի Ալպայրաք գիւղին մօտ: Ուղղանկիւն նախագիծով կառուցուած եկեղեցւոյ պատերը զարդարուած են հարուստ զարդանախշերով:
Ս. Բարթողիմէոս եկեղեցւոյ մէջ 1915 թուականէն ի վեր պատարագ չէ կատարուած:
Եկեղեցին կը գտնուի Մեծ Հայքի Վասպուրական նահանգի Մեծ Զաբ գետի աջ ափի բլուրի գագաթին: Ըստ աւանդութեան, եկեղեցին առաջին դարուն հիմնած է Սանատրուկ թագաւորը` Բարթողիմէոս առաքեալի գերեզմանին վրայ, անոր մօտ գտնուող աղբիւրի ջուրով բորոտութենէն բուժուելէ ետք: 1316-ին եկեղեցւոյ վանահայր Յակոբը մասնակցած է Ատանայի եկեղեցական ժողովին: 1321-ին Հռոմի Յովհաննէս ԺԲ. պապը նամակով նոյն վանահօր առաջարկած է ընդունիլ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ծիսակարգը®
Ս. Բարթողիմէոս վանքը միջնադարուն եղած է Աղբակ գաւառի առաջնորդանիստ վանք, հռչակաւոր սրբավայր եւ ուխտատեղի: 19-րդ դարուն վանքը եղած է բաւական հարուստ: Թեմին մաս կը կազմէին Աղբակ, Գաւառ, Ջուլամերկ, Սալմաստ եւ Ուրմիա գաւառները` 100-ի հասնող հայաբնակ գիւղերով: Վանքը ունեցած է նաեւ ագարակներ, արտեր, արօտավայրեր եւ անտառ:
Եկեղեցին 1980-ական եւ 1990-ական թուականներուն կը գտնուէր զինուորական արգիլեալ գօտիի մէջ: