Առեւանգուած Զինուորներուն Ընտանիքները Նահատակաց Հրապարակին Վրայ Սկսան Բաց Նստացոյց Մը

Բաց նստացոյցին մասնակիցները
Առեւանգուած զինուորներուն ընտանիքները երէկ Նահատակաց հրապարակին վրայ սկսան բաց նստացոյցի մը` կառավարութենէն պահանջելով արագ նիստեր գումարել` իրենց զաւակները ազատ արձակելու նպատակով:
Վրանները լարելէ առաջ Աքքարի միւֆթի շէյխ Զէյտ Զաքարիա մարդկութեան անունով կոչ ուղղեց քաղաքական անձնաւորութիւններուն եւ իմաստուններուն իրականացնելու բանակայինները ազատ արձակելու նուաճումը:
Իր կարգին, երեսփոխան Խալետ Զահրաման կոչ ուղղեց կառավարութեան ամէն ջանք ի գործ դնելու` ազատ արձակելու համար առեւանգուած զինուորները:
Երեսփոխան Հատի Հպէյշ զօրակցութիւն յայտնեց առեւանգուած զինուորականներուն ընտանիքներուն եւ բանակին` շեշտելով, որ բանակայիններուն արժանապատուութիւնը պետութեան արժանապատուութեան համազօր է:
Պէտք է աւելցնել, որ առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները իրենց զաւակներուն ազատ արձակման հարցի հետապնդման նախարարական յանձնախումբին հետ հանդիպումին ընթացքին մեղադրած են Լիբանանի կառավարութիւնը իրենց զաւակներուն ազատ արձակման փոխարէն Ռումիէի բանտարկեալները ազատ չարձակելու համար:
Միւս կողմէ, ՏԱՀԵՇ-ի անդամ վիրաւորներ Արսալէն փոխադրուեցան Պէյրութի Ռաֆիք Հարիրի հիւանդանոց, ուր անոնք բժշկական խնամք կը ստանան:
Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ անոնք դատական իշխանութիւններուն հրահանգով փոխադրուած են Պէյրութի պետական հիւանդանոց, ուրկէ անոնք պիտի փոխադրուին հարցաքննութեան:
Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ այդ վիրաւորներուն գտնուած յարկը բանակին հսկողութեան տակ կը գտնուի:
Այս մասին Ընդհանուր ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ ոեւէ բանտարկեալի կամ պատանդի տրամադրուած բժշկական օժանդակութիւնը բարոյական արժէք կը նկատուի, սակայն Ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ Մուսթաքպալ հոսանքին վրայ բանեցուցած ճնշումը` իրենց վիրաւորները մայրաքաղաք Պէյրութի պետական հիւանդանոցը փոխադրելու առումով, մեծագոյն ամօթն է եւ իր ժխտական անդրադարձը կ՛ունենայ այս երկու կազմակերպութիւններուն մօտ գտնուող առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու հոլովոյթին վրայ:
Ապահովական առումով լիբանանեան բանակը Արսալը «անջատեց» իր բարձունքներէն:
Նախանցեալ երեկոյեան լիբանանեան բանակի Ը. վաշտը Հոսընի բարձունքներէն թնդանօթներով ռմբակոծեց Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող զինեալներուն կեդրոնները:
Իր կարգին, սուրիական օդուժը ռմբակոծեց Արսալի բարձունքները` թիրախ դարձնելով ահաբեկիչները:
Այս շրջագիծին մէջ, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը գոհ է իրեն ընծայուած քաղաքական եւ ժողովրդային զօրակցութենէն, յատկապէս սիւննի չափաւորական ուժերուն արտայայտած զօրակցական կեցուածքներէն:
Մաշնուք հաստատեց, որ Լիբանանի ապահովական կացութիւնը հակակշիռի տակ է, եւ բոլոր ուժերը կը ջանան սադրանքներու ծուղակէն հեռանալ:
Ան աւելցուց նաեւ, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ կը շարունակէ հետապնդել առեւանգուած զինուորները ազատ արձակելու թղթածրարը:

