Հաղորդագրութիւն

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը նախապէս մեր հանրութեան սեփականութիւնը դարձուցած էր, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան որոշումով` 2011-ին ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ին անհատոյց (մնայուն) օգտագործման իրաւունքով, նախկին բանակավայրին կից, տրամադրուած էր մէկ հեկտար հողատարածք մը` ընդարձակելով օգտագործուած բանակավայրը:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կատարած բանակցութեան շնորհիւ կարելի եղաւ նոր տրամադրուած հողատարածքը սարքել բանակատեղիի  ամբողջական յարմարութիւններով` շնորհիւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու հիմնադրամի նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեանի կատարած բարոյական աջակցութեան եւ նիւթական իշխանական նուիրատուութեան:

Այժմ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի բանակատեղին  իր ունեցած յարմարութիւններով կրնայ հիւրընկալել 1000 սկաուտներ:

Արդ` Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ բանակումին` 31 յուլիսէն 9 օգոստոս 18 կազմակերպական շրջաններէ մասնակցեցան աւելի քան 750 սկաուտներ:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 22 օգոստոս 2014-ին այցելեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի բանակավայրը, ուր 18 օգոստոսէն կը կայանար ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի համահայաստանեան բանակումը, որուն կը մասնակցէին աւելի քան 300 սկաուտներ, ինչպէս նաեւ երկրորդ տարին ըլլալով «Խաղաղութեան սուրհանդակներ» նախագիծին մէջ ներառուած Հայաստանի տարբեր մարզերու ընկերային խնամքի տակ եղող հաստատութիւններէ երեխաներ:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան իր այցելութեան ծիրին մէջ Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչին հետ կատարած է բանակավայրի նոր հողատարածքին գործունէութիւնը ազդարարող ցուցատախտակին բացումը, ուր արձանագրուած էին հանրապետութեան նախագահին եւ «Փիւնիկ» հիմնադրամի պատուոյ նախագահին անունները:

Բացման արարողութեան ներկայ գտնուած են սփիւռքի նախարարը, «Փիւնիկ» հիմնադրամի պատուոյ նախագահը, Կեդրոնական վարչութիւնը եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ներկայացուցիչները:

Այս առիթով Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչը յիշատակի յուշանուէրներ յանձնած է նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ Գաբրիէլ Չեմպերճեանին:

ՀՄԸՄ-ի սկաուտները միշտ երախտապարտ պիտի մնան իրենց բարերարներուն նկատմամբ:

ՀՄԸՄ-Ի
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )