Արտաքին Գործոց Նախարարին Հոյակապ Յօդուածը Հրապարակուած Է «Լը Ֆիկարօ»-ի Մէջ` Կարգ Մը Թերութիւններով
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Թէեւ դիւրին գործ չէ միաւորել հայերը` Թուրքիայէն փոխհատուցման ընդհանուր պահանջներու ծրարին շուրջ, սակայն չափազանց կարեւոր է զայն իրականացնել Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախաշեմին:
Այսօրուան հրամայականն է, որ հայերը խօսին միաձայն` աշխարհին լսելի դարձնելով, թէ իսկապէս ի՛նչ կ՛ուզեն Թուրքիայէն, որովհետեւ տարաբնոյթ պահանջները շփոթ ստեղծող պատգամ կը փոխանցեն: Որոշ հայեր կը բաւարարուին, եթէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը պարզապէս ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը եւ ներողութիւն խնդրէ: Ուրիշներ կը պահանջեն ֆինանսական փոխհատուցում, բաց սահմաններ, ելք դէպի Սեւ ծով եւ Արարատ լերան վերադարձ: Առաւելագոյնին ձգտողները, ինչպէս նաեւ` տողերուս հեղինակը, կը պահանջեն այդ բոլորը, ինչ որ հայ ժողովուրդը կորսնցուցած է Ցեղասպանութեան ժամանակ` փոխհատուցում 1.5 միլիոն հայերու սպանութեան համար, եւ անոնց ունեցուածքի, դրամատնային հաշիւներու, եկեղեցիներու, դպրոցներու, գերեզմանոցներու եւ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքներու վերականգնում: Նախորդ յօդուածներով ես կողմնակից եղած եմ ընդհանուր եզրի մը` «արդարութեան» ձգտումին, բառ մը, որ կ՛ընդգրկէ հայ ժողովուրդի բոլոր պահանջները Թուրքիայէն:
Առաւելագոյնին ձգտիլը կ՛ենթադրէ Ցեղասպանութեան ժամանակ հայերու ոչ միայն ամբողջ կորսնցուցածի վերականգնում, այլեւ` բանակցութիւններու լաւագոյն ռազմավարութեան կիրարկում: Ինչո՞ւ պահանջել նուազագոյնը եւ ստանալ նոյնիսկ աւելի քիչ: Արդեօք աւելի խելամիտ չէ՞ սկսիլ առաւելագոյն պահանջներէն եւ հասնիլ հնարաւորինս լաւագոյն համաձայնութեան:
Այսպիսի խոհերու մէջ էի, երբ կը կարդայի Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին լաւ շարադրուած յօդուածը` «Թուրքիան պէտք Է դէմ յանդիման գայ իր պատմութեան», որ անցեալ շաբաթ հրապարակուած է «Լը Ֆիկարօ»-ի մէջ: Ան ճիշդ որակած է նախագահ Էրտողանի եւ այլ թուրք պաշտօնեաներու` Հայոց ցեղասպանութեան առնչութեամբ վերջերս գործածած «ընդհանուր ցաւ» եւ «արդար յիշողութիւն» դրոյթները` իբրեւ «շինծու» եւ «մոլորեցնող»: Նալբանդեան նաեւ մերժած է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ «ճշմարտութիւնը պարզելու համար պատմաբաններու յանձնաժողով կազմելու» Թուրքիոյ առաջարկը: Ցաւօք, այս չարաբաստիկ առաջարկը ներառուած էր 2009 թուականի հայ-թրքական արձանագրութիւններուն մէջ, զոր արտաքին գործոց նախարարը կը շարունակէ պաշտպանել իր յօդուածին մէջ:
Նաեւ, Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու եւ «Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման» միջոցով «հաշտեցման» ձգտելու համար Թուրքիան պարզապէս խարազանելու փոխարէն` արտաքին գործոց նախարարը պէտք էր պահանջէր «արդարութիւն», որ իր մէջ ներառէ հայկական բոլոր պահանջները:
Իր մանրակրկիտ յօդուածի վերջաւորութեան Նալբանդեան «Լը Ֆիկարօ»-ի ընթերցողներուն կը յիշեցնէ, որ նախագահ Սարգսեան հրաւիրած էր նախագահ Էրտողանը «այցելելու Հայաստան 2015-ի ապրիլ 24-ին` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Մենք յոյսով ենք, որ ասիկա կորսուած հնարաւորութիւն չ՛ըլլար, եւ Թուրքիոյ նախագահը այդ օրը Երեւան կը գտնուի»:
Ակնյայտ է, որ Հայաստան կը փորձէ Թուրքիոյ նախագահը դժուար կացութեան մէջ դնել. կա՛մ ան կը մերժէ հրաւէրը` աշխարհի աչքին առջեւ վատ երեւելով, կա՛մ կու գայ Հայաստան 2015 թուականի ապրիլ 24-ին եւ կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Այս ճարպիկ ծրագիրը հետապնդելու նպատակով արտաքին գործոց նախարարը արտասովոր քայլի մը դիմեց` օգոստոս 28-ին մասնակցելով նախագահ Էրտողանի երդմնակալութեան արարողութեան, որպէսզի անոր յանձնէ նախագահ Ս. Սարգսեանին պաշտօնական հրաւէրը:
Նալբանդեան անմիջապէս այցելեց Անգարա, երբ Էրտողան վիրաւորած էր հայերը` թրքական հեռատեսիլէն բողոքելով, որ ոմանք զինք վրացի անուանած են եւ «նոյնիսկ` աւելի վատ, զիս հայ անուանած են»:
Ես լուրջ կասկածներ ունիմ, որ Էրտողան կը յայտնուի Երեւանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին: Եթէ ան չգայ, ապա հայ պաշտօնատարները կրնան ուրախանալ, որ իրենց հնարքը յաջողեցաւ` Էրտողանը ցոյց տալով իբրեւ խափանարար: Սակայն ի՞նչ կը պատահի, եթէ յանկարծ Թուրքիոյ նախագահը իսկապէս ժամանէ Հայաստան 2015-ի ապրիլ 24-ին: Էրտողան կրնայ շատ արտառոց բաներ ըսել ու ընել, սակայն ան խորամանկ քաղաքական գործիչ է եւ կրնայ դիւրաւ խոյս տալ հայկական ծուղակէն ու զայն օգտագործել ի շահ իրեն: Էրտողան կրնայ այցելել Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր Երեւանի մէջ եւ յայտարարել, որ եկած է Ա. Համաշխարհային պատերազմի բոլոր զոհերուն «ցաւը կիսելու», ներառեալ` թուրքերու եւ հայերու: Անիկա շատ յաջող քարոզչական քայլ կ՛ըլլայ Էրտողանին համար…
Դեռ անցեալ շաբաթ, Ազրպէյճան կատարած այցելութեան ընթացքին, նախագահ Էրտողան կարծր դիրքորոշում դրսեւորեց Հայաստանի հանդէպ: Ան Ալիեւին ըսաւ (արդէն հազարերորդ անգամն ըլլալով), որ Թուրքիան Հայաստանի հետ իր սահմանը պիտի չբանայ, այնքան ատեն որ վերջինս դուրս չէ ելած Արցախէն: Նոր նշանակուած վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու եւ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու եւս նմանատիպ կտրուկ հակահայկական ելոյթներ ունեցան: Իր հերթին նախագահ Ալիեւ խոստացաւ աջակցիլ Թուրքիոյ` «յօրինուած Հայոց ցեղասպանութեան բացայայտման գործին մէջ»:
Պարզ է, որ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը կը սաստկացնեն իրենց հակահայ յայտարարութիւնները եւ միացեալ ջանքերը` ընդդէմ Հայաստանի, հաշտեցում որոնելու փոխարէն: Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Հայաստան պէտք է համարժէք կարծր դիրքորոշում որդեգրէ թրքական երկու թշնամական պետութիւններուն հանդէպ` սկսած Հայաստանի ստորագրութիւնը հայ-թրքական արձանագրութիւններէն անյապաղ վերցնելէն:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

