Հայրենիքի Խմբագրական. Ապարդիւն Հանդիպում Մը Եւս…
Համեմատած վերջերս Վիեննայի, Ս. Փեթերսպուրկի եւ Սոչիի հանդիպումներուն, սեպտեմբեր 4-ին, Կալեսի Նիւփորթ քաղաքի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը եղաւ սպասուածին եւ ենթադրուածին նման ապարդիւն:
Յատկապէս, ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ծիրէն ներս հանդիպում մը ըլլալով` ոչ մէկ նորութիւն կամ շօշափելի յառաջխաղացք կը սպասուէր: Աւելի՛ն. Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիի հովանաւորութեամբ կամ կնքահայրութեամբ նմանօրինակ հանդիպում մը, այդպիսի պայմաններու տակ, կարելի է շուտով եզրակացնել, թէ պարզապէս դէմ-դիմաց «փրոթոգոլային» տեսակցութիւն մըն էր պատահածը:
Ուքրանիոյ եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի (Սուրիա, Իրաք եւ Պաղեստին) ներկայ պայթուցիկ կացութեան դիմաց, բնականաբար այս հանդիպումէն ոչ մէկ անակնկալ կամ անկիւնադարձային որոշում կը սպասուէր:
Արդէն իսկ, շաբաթներ առաջ, Արցախի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ ազրպէյճանական ոտնձգութիւններն ու հերթական ձեւով զինադադարի խախտումը բաւական մը գործի լծած էին քաղաքական բեմը:
Եւ այս իրավիճակին լոյսին տակ սպասելի էր Քերիի կրկնած լափալիսեան ճշմարտութիւնները, թէ` պէտք է այս հանգրուանին բացառել որեւէ իրավիճակի լարում, ընդգծելով տագնապի խաղաղ լուծման առաջնահերթութիւնը:
Նմանօրինակ արտայայտութիւն մը ունեցաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք, որ ձեռք երկարեց արցախեան հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման ուղիներու որոնման համար:
Հայաստանի նախագահին համար նմանօրինակ կացութեան մը առջեւ գտնուիլը աւելի դիւրին էր, մանաւանդ որ արդէն իսկ այլ ղեկավարներ կանխած էին իր կարծիքները` նշելով որ պիտի յաղթէ Արցախի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթը, որ բնականաբար կ՛երաշխաւորուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին կողմէ:
Այս իրավիճակին դիմաց, բնականաբար անտեղի եւ անբացատրելի պիտի ըլլար որեւէ ծայրայեղ մօտեցում Ազրպէյճանի նախագահին կողմէ: Հետեւաբար Ալիեւ, թէեւ զայրացած, սակայն` ստիպողաբար անտարբեր, քննարկեց Արցախի տագնապի լուծման հոլովոյթին ներկայ հանգրուանին եւ հեռանկարին վերաբերող հարցերը` ներկայացնելով իր երկրին դիրքորոշումները բանակցային հոլովոյթին մէջ:
Սարգսեան-Ալիեւ նմանօրինակ այլ հանդիպում մըն ալ պիտի դասաւորուի յառաջիկայ ամիսներուն, այս անգամ` հովանաւորութեամբ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի:
ներկայիս պարզուած աշխարհաքաղաքական կացութեան ի տես, լոյսերու քաղաքին մէջ ոչ մէկ փոփոխութիւն ակնկալելի է: Այս անգամ Քերիի փոխարէն Հոլանտն է, որ կոչ պիտի ուղղէ արցախեան հիմնահարցի խաղաղ լուծման:
եւս… այլ ապարդիւն հանդիպման մը սեմին:

