Իրաքի Հաւրեզք Գիւղի Հայերը Պատրաստ Են Դիմակայելու «Իսլամական Պետութեան» (ISIS) Վտանգը
Լիբանանեան Էլ. Պի. Սի. հեռատեսիլի կայանը կը հաղորդէ, որ իրաքեան քրտաբնակ շրջանի հայաբնակ Հաւրեզք գիւղի հայերը իրենց հողագործի հագուստները հանած են եւ զանոնք փոխարինած են զինուորական տարազներով ու գնդացիրներով: Անոնք կը շրջին գիւղին մերձակայքը փնտռելով որեւէ սպառնալիք` ըլլայ այդ «Իսլամական պետութիւն»-ը կամ այլ խմբաւորում մը:
Հաւրեզք կը գտնուի Մուսուլէն 70 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Մուսուլը ներկայիս կը գտնուի «Իսլամական պետութեան» իշխանութեան տակ:

Հաւրեզքցի Հայերու Ինքնապաշտպանութեան Ջոկատներէն Մէկը
Գիւղապետը ամէն գիշեր իր տան բակին մէջ հանդիպում կ՛ունենայ գիւղի այր մարդոց ու երիտասարդներուն հետ` զանոնք քաջալերելու համար: Թէեւ գիւղը ապահով է, սակայն գիւղապետը կ՛ուզէ, որ այր մարդիկը կազմ ու պատրաստ ըլլան որեւէ անակնկալ զարգացում դիմակայելու:
Նշենք, որ Հաւրեզք գիւղը հիմնուած է Վասպուրականի հերոսամարտի մասնակից խմբապետ Լեւոն Շաղոյեանի ջանքերով, 1920-ականներուն: 1970-ական թուականներուն իրաքեան բանակի եւ քրտական զինեալ խմբաւորումներու միջեւ բախումներու պատճառով գիւղի հայ բնակչութիւնը գաղթած է: Հաւրեզքը վերահիմնուած է 2005-ին, Քիւրտիստանի դեմոկրատական կուսակցութեան անդամ Սարգիս Աղաճանի ջանքերով, որ կը համակարգէ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն (քաղդէացիներ, ասորիներ, հայեր) հետ քրտական վարչակարգին աշխատանքները: Քրտական աջակցութեամբ Հաւրեզքի մէջ 2005-ին կառուցուած է 115 տուն: Վերաբնակող հայերը եկած են Պաղտատէն, Պասրայէն եւ Մուսուլէն: Ներկայիս Հաւրեզքի մէջ կը բնակի 90 հայ ընտանիք:
Իրաքի մէջ հայերուն թիւը 25 հազար էր, սակայն վերջին տարիներուն ապահովական պատճառներով այդ թիւը նուազած է:
Տեսանիւթը հոս`