Գիւմրիի Ֆութպոլի Ակադեմիային Հանդիսաւոր Բացումը

0915_opening-gyumri1Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Գիւմրիի ֆութպոլի ակադեմիային հանդիսաւոր բացումը` ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի:

Այս հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Գիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեան, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան, պաշտօնական այլ հիւրեր եւ հրաւիրեալներ:

Արտասանուած խօսքերէն ետք նախագահ Սարգսեան հետեւեցաւ Գիւմրիի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ մարզուող շուրջ 300 փոքրերուն կատարած փորձերուն, ապա այդ փոքրերը յիշատակի նկար մը լուսանկարուեցան հանրապետութեան նախագահին հետ եւ անոր նուիրեցին ֆութպոլի գնդակ մը:

Նշենք, որ Գիւմրիի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ կրնան մարզուիլ շուրջ 1000 երկսեռ փոքրեր:

Share this Article
CATEGORIES