«Չեմփիընզ Լիկ». Տիտղոսակիրը Պիտի Ստանայ 37,4 Միլիոն Եւրօ

0916_champions_league_cupԻր լուրը քաղելով tuttomercatoweb.com-էն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 2014-2015 տարեշրջանի տիտղոսակիրը պիտի ստանայ զուտ 37,4 միլիոն եւրօ` առանց նկատի առնելու ուղղակիօրէն պատկերասփռումի եկամուտները:

Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող այս մրցաշարքին բոլոր մասնակցողները` անկախ արդիւնքէն, պիտի ստանան ամէնէն քիչը 8,6 միլիոն եւրօ եկամուտ:

Ամբողջ խաղարկութեան ընթացքին մրցաշարքին մասնակցող բոլոր 32 խումբերը իրարու միջեւ պիտի կիսեն 900 միլիոն եւրօ:

Share this Article
CATEGORIES