Տենդ
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Տենդը մեր մարմնի ջերմաստիճանին բարձրացման ազդանշանն է, որ յաճախ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ կը վերադառնայ իր բնական աստիճանին:
Տենդը բնական պաշտպանողական գործընթաց մըն է, եւ ինքնին վտանգաւոր երեւոյթ մը չէ ընդհանրապէս: Անիկա հիւանդութիւն մը չէ, այլ` հիւանդութեան մը դէմ ստեղծուած պաշտպանողական միջոց մը:
Անիկա նկատուած է մարմնի դիմադրողականութեան միջոց մը` հակակշռելու համար մարմնին դէմ ներկայացուած վտանգ մը` եւ կամ կացութիւն մը:
Տենդի պատճառները.
- Ժահրային (viral) եւ կամ ցպկային (bacterial) բորբոքումներ եւ վարակներ:
- Խլիրդ, քաղցկեղ:
- Միջավայրային ազդակներ:
- Կարգ մը դեղերու գործածութիւն:
- Դիմադրողականութեան (immunity) նուազում:
- Մարմնի հիւսկէններու (tissue) բնաջնջում` վիրաբուժական գործողութիւններ եւ մարմնական վնաս-հարուածներ եւ վարակներ:
- Արեւահարութիւն եւ ջերմահարութիւն (heat stroke, thermal burn):
- Անյայտ պատճառներ:
Տենդը ընդհանրապէս ժահրային եւ կամ ցպկային բորբոքումի մը ցուցանիշն է: Անոր զարգացման անմիջական պատճառն են ջերմածին (heat producing) նիւթերը, որոնք կու գան արտաքին եւ ներքին աղբիւրներէ: Արտաքին աղբիւրներն են արտաքին շրջապատէն դէպի մեր մարմինը թափանցող ժահրերն ու ցպիկները, իսկ ներքին աղբիւրն են մարմնի որոշ հիւսկէններու բջիջները: Ջերմածին նիւթերը հասնելով ուղեղ` գործի կը մղեն անոր ջերմականոնաւորման (heat regulating) կեդրոնը, որ իր հրահանգներով կը կանոնաւորէ մարմնին ջերմաստիճանը երկու միջոցառումներով` ջերմառաջացումով (heat producing) եւ ջերմատուութեամբ (heat dissipation-loosing):
Տենդը կրնայ ըլլալ ժամանակաւոր եւ կամ մնայուն: Ժամանակաւոր տենդը կը պատահի օրուան որոշ մէկ ժամուն եւ որոշ տեւողութեամբ. մնայուն տենդը երկարատեւ է, անիկա կրնայ տեւել օրեր եւ կամ շաբաթներ:
Տենդը ջերմաստիճանի անբնական բարձրացումն է, որ կը յառաջանայ երեք ձեւերով.
- Մարմնի ջերմառաջացումի մագլցում:
- Մարմնի ջերմատուութեան դանդաղեցում:
- Միատեղ մարմնի ջերմառաջացումի մագլցում եւ ջերմատուութեան դանդաղում:
Տենդը կը զարգանայ երեք հանգրուաններով.
- Ջերմաստիճանի բարձրացման հանգրուան:
- Բարձր ջերմաստիճանի պահպանման հանգրուան:
- Ջերմաստիճանի նուազեցման հանգրուան:
Առաջին հանգրուանին տեղի կ՛ունենայ ջերմառաջացում, որ հետեւանք է մարմնի ընդհանուր նիւթափոխանակումի (metabolism) գործընթացին եւ ջերմատուութեան, որ իր կարգին հետեւանք է մարմնի մակերեսի եւ ծայրամասերու (peripheral) զարկերակներու ընդլայնումին: Այս հանգրուանին ջերմառաջացումը կը գերակշռէ ջերմատուութիւնը:
Երկրորդ հանգրուանին կը սաստկանան ջերմառաջացումը եւ ջերմատուութիւնը:
Երրորդ հանգրուանին ջերմատուութիւնը կը գերազանցէ ջերմաառաջացումը, եւ տեղի կ՛ունենայ առատ քրտինքի արտադրութիւն:
Տենդը կ՛ունենայ երկու կարեւոր անդրադարձներ մարմնին վրայ`
- Դրական անդրադարձ. այս պարագային կ՛աշխուժանայ մարմնին ընդհանուր նիւթափոխանակութիւնը, հակամարմիններու (antibody) արտադրութիւնը, արեան շրջագայութիւնը եւ լեարդի աշխատանքը, ինչպէս նաեւ` արեան սպիտակ գնդիկներու արտադրութիւնը:
- Բացասական անդրադարձ. այս պարագային տեղի կ՛ունենան կեդրոնական նեարդային (nervous system), սրտանօթային (cardiovascular) եւ ստամոքս-աղիքային համակարգերու գործունէութեան խանգարումներ, ինչպէս նաեւ` սպիտակուցային (protein), ճարպային, ածխաջրատային (carbohydrate) նիւթափոխանակութեան խանգարումներ: Մարմնի ջերմութեան մէկ աստիճան բարձրացումով մարմինը կը կարօտի բնականէն 16 տոկոս աւելի թթուածինի: Այս յաւելեալ թթուածինի պահանջը յաւելեալ աշխատանքի կը մատնէ կեդրոնական նեարդային եւ սրտանօթային համակարգերու ու թոքերու գործունէութիւնները, որոնց ձախողութեան պարագային, ի յայտ կու գան մտահոգիչ եւ հիւանդագին երեւոյթներ:
Տենդի ազդանշանները կ՛ընթանան երկու հանգրուանային զարգացումներով.
- Տենդի սկզբնաւորութեան հիւանդը կ՛ունենայ դող եւ մարմնի մակերեսային պաղութիւն. դողը հետեւանք է մկանային պրկուածութեան, իսկ մարմնի մակերեսի պաղութիւնը հետեւանք է` արեան շրջագայութեան նուազումին արտաքին զարկերակներու մէջ:
- Տենդի զարգացումով հիւանդը կ՛ունենայ ջերմատուութեան նշաններ` մկանային թուլութիւն, քրտինք, մորթի կարմրութիւն եւ ջերմութիւն, որ հետեւանք է արեան շրջագայութեան բարելաւման:
Տենդը ինքնին ախտաճանաչումի չի կարօտիր, սակայն աչալուրջ ըլլալու ենք ախտաճանաչելու անոր հիմնական պատճառը, որպէսզի հեռու մնանք անսպասելի եւ անհաճոյ երեւոյթներէ:
Տենդը շուտով դարմանելու պարտաւորութիւն չունինք. ընդհակառա՛կը, տենդը մեզ մղելու է ահազանգի, որպէսզի անդրադառնանք եւ գիտնանք տեղի ունեցած անբնական կացութեան պատճառը: Սակայն եւ այնպէս, հակաջերմ դեղերու գործածութիւնը յաճախ յանձնարարելի է` հեռու մնալու համար տենդի պատճառով պատահելիք բարդութիւններէն: Հակաջերմ դեղեր կ՛ազդեն ուղեղի ջերմականոնաւորման կեդրոնին վրայ եւ կը պատահի զարկերակային լայնացում-թուլացում, որ կը յառաջացնէ քրտինք եւ ջերմատուութիւն-կորուստ, եւ ի վերջոյ` մարմնի ջերմաստիճանի նուազում:
Երկարատեւ տենդով յառաջացած ջրազրկումի (dehydration) դարմանումը շատ աւելի հիմնական եւ պարտաւորիչ է:
Ծնողներ, առանց շփոթի եւ իրարանցումի, շատ հանդարտութեամբ պէտք է դիմագրաւեն իրենց մանկան տենդը. երբ ջերմաստիճանը 38.5 սանթիկրէյտի շուրջ է, մանուկին կը տրուի առատ հեղուկ եւ պարզ հակաջերմ դեղեր: Հարկ է զգուշանալ մանուկին Aspirine տալէ, որովհետեւ անիկա կրնայ յառաջացնել ուղեղային խանգարում:
Աւելի բարձր ջերմաստիճանի պարագային, նախքան բժիշկին դիմելը, ծնողները պէտք է գործադրեն հետեւեալ միջոցառումները.
- Մանուկին տալ հակաջերմ դեղ:
- Պահել զայն պաղ ջուրի մէջ:
- Ճակատին դնել սառով պաղ ջուրի տոպրակ:
- Հաստ հագուստը փոխարինել բարակ հագուստով:
- Պաղ հեղուկ խմցնել:
- Ամառ օրերուն հովահար գործածել սենեակին ջերմաստիճանը 21-22 սանթիկրէյտի շուրջ պահելու համար:
Այս բոլորը պէտք է գործադրել, որպէսզի մանուկին ջերմաստիճանը պահուի 39 սանթիկրէյտի շուրջ եւ ան չունենայ մարմնական ցնցումներ:
Ծնողքը բժիշկի պէտք է դիմէ, երբ մանուկին մարմնական ջերմաստիճանը մնայ բարձր, այսինքն` 39 սանթիկրէյտէ վեր, հակառակ կատարուած բոլոր միջոցառումներուն: Հոս կ՛ուզենք զգուշացնել ծնողները շատ կարեւոր յիշեցումով մը. բնա՛ւ ալքոլ չգործածել մանուկին մարմնին վրայ, այսինքն` մանուկին մորթը ալքոլով չշփել:
Տենդ ունեցող անհատը շտապ օգնութեան կը կարօտի հետեւեալ պարագաներուն.
- Ջերմաստիճանը երկու օրէն աւելի 39 սանթիկրէյտէ վեր մնայ:
- Տենդին հետ միատեղ, անհատը գանգատի զօրաւոր գլխացաւէ, վիզի անշարժացումէ եւ մարմնական ընդհանուր տկարութենէ:
- Ենթական մատնուած ըլլայ շփոթութեան (confusion) եւ շնչահեղձութեան (dyspnea):
- Ենթական ունենայ նաեւ յստակ հիւանդագին այլ ախտանշաններ` խուխով հազ, կոկորդի ցաւ, կլլելու դժուարութիւն, ականջի ցաւ եւ փորհարութիւն:
- Ջերմանուազումի նշաններ յայտնուին:
Մոնրէալ