Վերամուտի Խոհեր. Հայ Դպրոցը Մրցադաշտ Չէ
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
2013-2014 կրթական տարեփակը պետական քննութեան առիթ չտուաւ բոլորիս ծանօթ պատճառներով, ոմանց համար տխուր եւ միւսներուն համար ուրախ պատճառներով, իսկ միւս միջակ կամ տկար մակարդակի վրայ եղող աշակերտներ ցնծութիւն ապրեցան` իբրեւ բարձրագոյն միջինով յաջողած աշակերտներ: Մէկուն համար ցաւոտ, միւսին համար ուրախառիթ տրամադրութիւն յայտնաբերուեցաւ: Այս իրողութեան հետեւող ծնողք կամ ոեւէ անձ չէզոք չմնաց, ան եւս ուրախացաւ տկարին հետ եւ ցաւեցաւ միւսին հետ, այն միւսը, որ կը սպասէր իր յաղթանակին յայտարարութեան: Հոգ չէ, այս անգամ եւս: Թող ուրախութիւնը յաջողութեան ըլլայ համատարած:
Մեր անբնական վիճակը անշուշտ պիտի ունենայ յառաջիկային իր խօսքը համալսարան մուտքի պարագային: Այդ մասին մտահոգութիւններ կան անկասկած: Առածը կ՛ըսէ. «Ճուտիկները աշնան կը հաշուեն»:
Այս հարցն ալ մոռնանք պահ մը եւ նայինք ապագայի կարգադրութիւններուն:
Մեր վարժարանները բացած են իրենց դռները: Մամուլով կը ծանուցուին «գունաւոր» յայտարարութիւններ` տուեալ վարժարանն նիւթաբարոյական տուեալները դրուատող: Ունինք նաեւ դպրոցներ, որոնք պարզունակ ծանուցումներով յայտնեցին, թէ դպրոցը բաց է եւ աշակերտներ կ՛ընդունի որոշ օրերուն եւ ժամերուն:
2014-2015 կրթական տարեշրջանի վերամուտն է: Մամուլը կ՛արձագանգէ նորաբաց վարժարաններու ուսումնական յայտարարութիւնը: Ունինք դպրոցներ, որոնք բնական եւ պարզագոյն ձեւով կը ծանուցեն վարժարանին վերամուտը` յիշելով օրերը, թուականները, դասասկիզբի ժամանակը: Միւս կողմէ` կը կարդանք ծանուցումները կարգ մը վարժարաններու` շռնդալից պատկերացումով, իւրաքանչիւր ելումուտի շարժումները տեղեկացնող, մինչեւ իսկ այդ դպրոցէն շրջանաւարտ եղողը կը դառնայ լաւագոյն տիպար հայը, քրիստոնեայ եւ այլ յատկանիշներով թրծուած:
Այս տրամադրութիւնը մրցակցութեան գետին կը պատրաստէ: Եթէ տուեալ գովելի վարժարանին տարածքը քանի մը մեթրով աւելի է միւսէն, կը բացատրեն մանրամասնութեամբ: Մենք կը կարծենք ու կը հաստատենք նոյն ատեն, որ վարժարանները, մանաւանդ երկրորդականները ունին յատուկ գրադարաններ, այդ մասին չեն յայտարարած, թէ որքան օգտակար է մատենադարան ունենալը: Երանի թէ մեր մամուլին ընթերցողներուն թիւը բազմանար եւ հետաքրքրուէին, թէ` անոնք մեր վարժարաններուն մէջ ոչ միայն քանի հատոր ունին, այլ հայերէն անսխալ խօսող ու գրող, նամակ մը գրող քանի՞ աշակերտ ունին:
Երանի թէ բոլորս ալ խանդավառուէինք գիրքերով եւ անմիջապէս ուղղուէինք այդ դպրոցը: Այսուհանդերձ, մեր վարժարաններէն ներս ունինք բազմահազար գիրքերով յորդուն մատենադարաններ: Արդեօք մեր «Ազդակ»-ն ալ կը յայտարարէ՞ր, թէ խմբագրատունը ունի հսկայական գրադարան, որ բաց է ամէն օր եւ կը սպասէ ընթերցողի կամ ուսումնասիրողի, կամ` հայ գրականութեան երախտաւորներուն ծանօթանալու:
Ներկայիս արդիական միջոցառումներով զբաղած են նոյնիսկ փոքրահասակ աշակերտները, պարմանները եւ պատանիները: Զբաղած են Դիմատետրով, այսինքն` Ֆէյսպուքով, որպէսզի իրարմէ իմանան, թէ ի՛նչ կերան այդ օրը, թէ` ո՛ւր գացին երէկ, եւ որուն հետ վիճեցան, բարկացան կամ… սիրեցին: Օրուան գիտութիւնը, գիտելիքները կը փոխանցէ համացանցը, նոյնիսկ` անկարելի նկատուած պատկերաւոր «դասերը»: Ուսանողը ինչո՞ւ հետեւի ուսուցիչին խրատներուն, ինչո՞ւ դաս սորվի, չէ՞ որ առանց դաս սորված ըլլալու վկայականի տիրանալ կայ: Ինքնախաբէութիւն մը, որ կը հարուածէ ուսուցիչները, որոնք շատ մտահոգ են իրենց սորվեցուցածը ընդունելի ըլլալու կամ չըլլալու կարեւոր հարցով:
Վերամուտը մեզի կը յիշեցնէ նաեւ ուրիշ ցաւոտ հարց մը: Արդեօք քանի՞ աշակերտ պիտի հեռանայ հայկական վարժարաններէ, պիտի երթան դէպի օտարը, առաւել մոլորեցնողը, հայը հայութենէ հեռացնողները:
Հայկական մեր բոլոր վարժարաններն ալ ջանք չեն խնայեր արթուն պահելու մեր աշակերտները, սորվեցնելու անոնց հայը հայ պահելու պարտաւորութիւնը:
Ունինք դպրոցներ, որոնք պիւտճէական տագնապներ ունին, որովհետեւ ունին նիւթապէս անկարող ծնողներ, նոյն ատեն` անտարբեր ծնողք, որոնք կ՛արհամարհեն հայ վարժարանին սրբութիւնը եւ մեր մաքուր հօտը կը յանձնեն օտար փարախներուն:
Վերամուտ է, ունինք մտահոգիչ շատ պատճառներ: Մեր բաղձանքն է միայն, որ մեր ունեւոր դասակարգը չհեռանայ մեր հօտէն, օտարասիրութեամբ եւ մասամբ նորին…:
Վերամուտ է դարձեալ, բայց նիւթական եւ բարոյական տագնապները կը մնան նոյն կէտի վրայ, անտարբերութեամբ եւ մասամբ նորին…
17 սեպտեմբեր 2014

