ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ` ՀԱՅՐ ՌԱՖԱՅԷԼ Թ. Ծ. ՎՐԴ. ՄԻՆԱՍԵԱՆԻ

Ձեռնադրութեան պահուն

Ձեռամբ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին, շաբաթ, 16 յուլիսի առաւօտեան ժամը 10:00-ին Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ- Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն հայր Ռաֆայէլ Թ. Ծ. վրդ. Մինասեանի` իբրեւ նոր նշանակուած տիտղոսաւոր արքեպիսկոպոս Կեսարիոյ եւ առաջնորդ Արեւելեան Եւրոպայի կաթողիկէ հայոց` Հայաստան, Վրաստան, Ռուսիա…

Արարողութեան ընթացքին պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիա կարդաց հայր Ռաֆայէլի նշանակման գծով Պենետիկտոս ԺԶ. պապի կոնդակը:

Արարողութեան աւարտին նորօք ձեռնադրեալ արքեպիսկոպոսը տուաւ իր անդրանիկ պատգամը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ պատուած են զինք: Ապա շնորհակալական խօսք ուղղեց նաեւ Աստուծոյ, որ արժանի նկատեց զինք սոյն բարձր կոչումին եւ քրիստոնեայ ստեղծելով զինք բարեպաշտ ընտանիքի մը մէջ դրաւ:

Գերապայծառ Մինասեան կ՛արտասանէ իր անդրանիկ պատգամը

«Հպարտ եմ իմ ինքնութեամբս եւ պատկանելիութեամբս», հաստատեց գերապայծառ Մինասեան: Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Պենետիկտոս ԺԶ. պապին` խոստանալով հաւատարիմ մնալ ընդհանրական եկեղեցւոյ ուսուցումներուն: Ան նաեւ շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Զմմառու Արծիւեան միաբանութեան, որմէ ստացած մտքի, սրտի եւ հոգիի կերտումին շնորհիւ կը գտնուէր ուր որ է հիմա: «Զմմառու Արծիւեան միաբանութիւնը, երկար դարերու ընթացքին, ի հեճուկս կեանքի անողորմ դժուարութիւններուն, սովին եւ զրկանքին կը շարունակէ անվերապահօրէն ծառայել հայ եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդին», հաստատեց գերապայծառ Մինասեան` աւելցնելով, որ միաբանութիւնը հալածուած եւ նահատակուած է հայ ազգի ճակատագիրին հետ միասին` սրբութեան խորանին հասցնելով սուրբեր եւ անհամար սրբակենցաղ հայ կղերականներ:

«Այս միաբանութեան զաւակ եմ եւ այս միաբանութեան հոգիով ծառայեցի ու պիտի ծառայեմ հայ եկեղեցւոյ եւ համայնքիս զաւակներուն», եզրափակեց Ռաֆայէլ արք. Մինասեան:

Արարողութեան ընթացքին իր շնորհաւորութեան խօսքը արտասանեց նաեւ Վատիկանի մէջ արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի:

Յայտնենք, որ գերապայծառ Մինասեան եպիսկոպոսական ձեռնադրութենէն ետք իր անդրանիկ պատարագը մատուցեց երէկ` կիրակի, 17 յուլիսին` Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES