Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Կարգ մը մարզանքներ զգայացունց արդիւնքներ կու տան. այդ մարզանքները շատ արագ պիտի չմոռնաք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ընտանեկան շատ ջերմ մթնոլորտ, մանաւանդ` մանուկներու հետ. պիտի անդրադառնաք այնպիսի նիւթերու, որոնք պիտի ջերմացնեն ձեր սիրտը:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Գործի մը տեսակցութեան ատեն ճկուն եղէք. մեծ առիթ մը ունիք իրագործելու:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Անվախ եւ հաճելի պահեր. դուք կրնաք հաւասարակշռել ձեր եկամուտը:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Արտայայտուեցէք, եթէ չէք ուզեր բան մը յանձն առնել, դուք ձեզի մի՛ ստիպէք, դուք ձեր մտածածէն աւելի լաւ պիտի հասկցուիք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Մտիկ ըրէք խրատները, որոնք ձեզի կը տրուին բարեկամներու կողմէ, քանի որ անոնք ձեզմէ առաջ ապրած են նոյն փորձառութիւնը:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ ձեր անձնական ծրագիրներուն համար պէտք ունիք օգնութեան, դիմեցէք փորձառու անձերու:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Մտադիր էք ձեր արհեստը փոխելու, պէտք է լրջօրէն փնտռել ուրիշ գործ մը եւ այդ ուղղութեամբ կազմաւորուիլ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Կը մտածէք ճամբորդել, որ յաջողութեամբ պիտի պսակուի: Ձեր բախտին աստղերը համաձայն են ձեզի հետ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Փաստը պիտի տաք ձեր պատասխանատուութեան եւ հասունութեան. անոնք, որոնք կասկած ունէին ձեր կարողութեան, պիտի լռեն եւ ամչնան:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Պէտք է սերտօրէն բանակցիք, բայց միեւնոյն ատեն զգուշ եղէք, հարիւր տոկոսով մի՛ վստահիք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Օրը լեցուն է ուրախութեամբ, ինչպէս նաեւ գործնական եւ լաւատես մնացէք:

Share this Article
CATEGORIES