ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԵՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԲԱՐԵԼԱՒԵԼՈՒ ԱՌԻԹԸ ՕԳՏԱԳՈՐԾԵԼՈՒ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Իսրայէլին կոչ ուղղեց «երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման եւ կացութեան բարդացումէն խուսափելու համար ներկայ դրական առիթը օգտագործելու»:

Նշենք, որ Իսրայէլի փոխվարչապետ Մոշէ Եաալոն եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու վերջերս Նիւ Եորքի մէջ յարաբերութիւններու բարելաւման շուրջ իսրայէլացի եւ թուրք դիւանագէտներու բանակցութեանց մասնակցած էին: Բանակցութիւնները ապարդիւն մնացած էին, սակայն նշուած էր, որ անոնք կը շարունակուին:

Տաւութօղլու նշեց, որ անհրաժեշտ է լուծել անցեալ տարի թրքական «Մաւի Մարմարա» նաւուն դէմ իսրայէլեան յարձակումին համար ներում հայցելու եւ հատուցում կատարելու հարցերը:

Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը երէկ իր կարգին հաղորդեց, որ իսրայէլեան ապահովական առնչակից շրջանակներ զօրավիգ կը կանգնին երկու երկիրներուն միջեւ տագնապի լուծման համար Թուրքիայէն ներում հայցելու գաղափարին:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան աղբիւրներ «Մաարիւ» օրաթերթին կը յայտնեն, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին Կազա այցելելով մտադիր է հանդիպում ունենալ Համասի ղեկավարներուն հետ:

Օրաթերթը կը նշէ, որ Էրտողան եգիպտական իշխանութիւններէն խնդրած է այս ամսուան վերջաւորութեան նախատեսուած Եգիպտոս իր այցելութեան ծիրին մէջ նաեւ Կազա այցելել, սակայն եգիպտական իշխանութիւնները այս խնդրանքին շուրջ վերջնական պատասխան մը տակաւին չեն տուած:

Share this Article
CATEGORIES