Հայաստանի Բարձրագոյն Ղեկավարութիւնը Այցելեց «Եռաբլուր» Զինուորական Պանթէոն
Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 23-ամեակին առիթով Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան ուղեկցութեամբ երէկ այցելեց «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն:
Բարձրաստիճան պաշտօնեաները իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին իրենց կեանքը հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին:
CATEGORIES Հայկական

