«ԵՍ ՊԱՐԶԱՊԷՍ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՓՈԽԱՆՑԵՑԻ» Կ՛ԸՍԷ ԹԱՆԵՐ ԱՔՉԱՄ

Թաներ Աքչամ

Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թուրք յայտնի պատմաբան Թաներ Աքչամ 14 յունիսին Արիզոնայի Կլենտէյլ պետական գրադարանին մէջ դասախօսութիւն մը տուած էր, որուն ընթացքին յայտնած էր, որ շարք մը թուրք եւ ամերիկացի պատմաբաններ Թուրքիոյ իշխանութիւններէն կաշառք կը ստանան: «Եութա» համալսարանի դասախօս Հաքան Եաւուզ թրքական «Վաթան» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած էր, որ թուրք եւ ամերիկացի պատմաբաններ կը պատրաստուին Աքչամի դէմ դատական հայց ներկայացնելու: «Ան մեզ դաշնակցականներու եւ հնչակեաններու համար թիրախ դարձուց», նշած էր Եաւուզ:

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը ե-նամակով հարցումներ յղած է Աքչամի եւ Եաւուզի: Եաւուզ հարցումները անպատասխան ձգած է: Աքչամ նշած է, որ «պարզապէս փոխանցեցի տեղեկութիւն մը, զոր նախապէս յայտնած էի Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան ներկայ վիճակին մասին ճառի մը ընթացքին: Ոեւէ անուն չյիշատակեցի եւ յստակ կերպով նշեցի, որ չեմ ուզեր ոեւէ մէկը կասկածի տակ առնել»:

«Պարզապէս տեղեկութիւն մը փոխանցեցի. ուզեցի օրինակ մը տալ, թէ ինչպէ՛ս քաղաքականութիւնը ակադեմական շրջանակին մէջ կը միջամտէ: Անկեղծօրէն, տակաւին չեմ հասկցած, թէ անոնք (ինծի դէմ ի՞նչ ամբաստանութեամբ) դատական հայց պիտի ներկայացնեն», ըսած է Աքչամ:

«Աղբիւրս յայտնեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ վճարուած գումարի փոխարէն (կարգ մը ակադեմականներու կողմէ) ստացած փաստաթուղթերը (կը գտնուին) արխիւներուն մէջ: Անգամ մը եւս կը կրկնեմ` այս հարցը հետազօտելը լրագրողի մը գործն է: Ես միայն տեղեկութիւնը փոխանցեցի: Լրագրող մը, որ դասախօսութեան ներկայ էր, նիւթը լուրի վերածեց», նշած է Աքչամ` աւելցնելով, որ իր կարծիքով, իր աղբիւրին կողմէ իրեն փոխանցուած տեղեկութիւնը ապահով է, ինչ որ զինք մղած է տեղեկութիւնը ներկաներուն հաղորդելու:

«Հաքան Եաւուզ կասկածելի հաւաստիութեամբ անհատ մըն է: Տակաւին չեմ հասկցած, թէ իմ խօսքս ինչո՛ւ իր վրան առաւ: Այն, ինչ որ ինք ըսած է, շատ ստոր է եւ նոյնիսկ պատասխանի անարժան», ըսած է թուրք պատմաբանը:

Ան կոչ ուղղած է Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան գործունէութիւնը լրջօրէն քննելու:

 

 

Share this Article
CATEGORIES