Աշխարհի Ախոյեանները Պարգեւատրուեցան Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Կողմէ

Արսէն Ջուլֆալակեան
Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրներով, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 23-րդ տարեդարձին առիթով, գիտութեան, տնտեսութեան, առողջապահութեան, մշակոյթի, ինչպէս նաեւ սփիւռքի խումբ մը ներկայացուցիչներ, դատական համակարգի, հայոց բանակի, ազգային անվտանգութեան ծառայութեան եւ ոստիկանութեան համակարգի զինուորական ծառայողներ պարգեւատրուեցան պետական բարձրագոյն պարգեւներով, ինչպէս նաեւ անոնք ստացան պատուաւոր կոչումներ:
Յունահռոմէական ոճի աշխարհի 2014-ի ախոյեաններ Արսէն Ջուլֆալակեան եւ Արթուր Ալեքսանեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ արժանացան հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար Առաջին աստիճանի մետալի:

Արթուր Ալեքսանեան
Նախագահ Սարգսեան շնորհաւորեց բոլոր պարգեւատրուողները եւ անոնց մաղթեց յաջողութիւններ:

