ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆ

Վարչապետը` ՖԻՒՆԻՒԼ-ի Նաքուրայի կեդրոնին մէջ

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի անցեալ շաբաթ օր այցելեց հարաւային Լիբանան` ընկերակցութեամբ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընի եւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի:

Միքաթի, որ ուղղաթիռով փոխադրուեցաւ Մերժահիուն, այցելեց լիբանանեան բանակին կեդրոնները, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն դիրքերն ու Նաքուրայի կեդրոնը:

Վարչապետ Միքաթի հարաւային Լիբանանի մէջ շեշտեց, որ Հարաւի կայունութիւնը ամբողջ Միջին Արեւելքի ապահովական կայունութեան բանալին է` աւելցնելով, որ Միջին Արեւելքի ապահովական կայունութեան երաշխիքն է արդար եւ ամբողջական խաղաղութիւնը, ինչպէս նաեւ պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւունքները պահպանող եւ պաղեստինցիներուն տունդարձը երաշխաւորող միջազգային բանաձեւերուն գործադրութիւնը:

Վարչապետը վերահաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը յանձնառու կը մնայ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ ՄԱԿ-էն պահանջել, որ Իսրայէլ վերջ տայ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործած իր ոտնձգութիւններուն, թիւ 1701 բանաձեւը տառացիօրէն գործադրէ եւ զինուորական գործողութիւնները կասեցնելու հանգրուանէն անցնի դէպի մնայուն զինադուլի հանգրուան:

Ղոսըն, Միքաթի եւ զօր. Քահուաժի` բանակի Ատայսէի շրջանի դիրքերէն մէկուն մէջ

Միքաթի իր կատարած այցելութեան առաջին կանգառին մէջ շեշտեց, որ ինք փափաքած է, որ խորհրդարանին կողմէ կառավարութեան ստացած վստահութեան քուէէն ետք իր առաջին այցելութիւնը ըլլայ դէպի հարաւային Լիբանան, որ բոլորին համար արժէքաւոր վայր մըն է: Ան ընդգծեց, որ Հարաւ իր այցելութիւնը կը զուգադիպի 2006-ի յուլիսեան պատերազմի հնգամեակին, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան երկարաձգման ժամկէտին:

«Տարիներ առաջ այս օրերուն ընթացքին Լիբանան կ՛ենթարկուէր իսրայէլեան ուժերուն բռնարարքներուն եւ ռմբակոծումներուն, որոնք հիմնականին մէջ ուղղուած էին երեք կամքերու դէմ. ժողովուրդին կամքը` իր հողին վրայ մնալու, ինչ ալ ըլլան զոհողութիւնները, բանակին կամքը` դիմադրելու թշնամիին, ինչքան ալ տկար ըլլան անոր կարողութիւնները, Դիմադրութեան եւ անոր մարտիկներուն կամքը` պաշտպանելու համար իրենց հողը, տունը եւ ընտանիքը եւ իբրեւ այդպիսին անոնց ուղղած զէնքը թշնամիին դէմ ու ի վերջոյ արձանագրուած յաղթանակը:

Այս երեք կամքերն են, որոնց շնորհիւ իրականացաւ Լիբանանի յաղթանակը, որուն տարեդարձը պիտի նշենք յառաջիկայ օգոստոսի կիսուն», ըսաւ Միքաթի:

Վարչապետը կը դիտէ զինուորական դիրքերը

Վարչապետը հաւաստեց, որ յաղթանակը ունի նաեւ տարբեր երեսներ, որոնք աւելի փայլուն դարձուցած են զայն: Այդ երեսներէն մէկը լիբանանեան բանակին հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայումն է եւ լիբանանեան դրօշին բարձրացումը Հարաւի հողին վրայ: Յաղթանակին ապահոված այլ երեսներէն մէկը ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու թուաքանակին մեծացումն է` թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան ծիրին մէջ, պահպանելու համար Լիբանանի գերիշխանութիւնը` լիբանանեան բանակին հետ գործակցաբար:

Վարչապետը նշեց, որ ինք կ՛ըմբռնէ, թէ Լիբանանի ազատագրման իմաստով ուրախութիւնը կիսատ մնացած է, որովհետեւ հիւսիսային Ղաժարն ու Քֆարշուպայի բարձունքները տակաւին կը մնան բռնագրաւուած: «Այս առիթով կը հաստատեմ, որ կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ նաեւ ազատագրելու այդ հողերը եւ կասեցնելու Լիբանանի դէմ իսրայէլեան ոտնձգութիւններն ու բռնարարքները», ըսաւ ան:

Միքաթի ողջունեց նահատակները, որոնք զոհուեցան Յուլիսեան պատերազմին եւ այլ յարձակումներու ընթացքին: Ան ըսաւ, որ զինուորներուն անձնազոհութիւնը եւ դիմադրող ժողովուրդին պայքարը կառավարութիւնը կը մղեն աւելի կառչած մնալու իր իրաւունքներուն` անվախ մնալով բոլոր սպառնալիքներէն եւ մարտահրաւէրներէն, որոնք կը ծառանան անոր դէմ:

Իր խօսքը ուղղելով բանակայիններուն` Միքաթի յայտնեց, որ Լիբանանը իրենց հողն է, եւ անոնք պէտք է զայն պաշտպանելու պատիւին արժանանան: Ան շեշտեց, որ կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ զինելու համար բանակը եւ հոգալու անոր ամբողջ կարիքները:

Վարչապետը նշեց նաեւ, որ կառավարութիւնը հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութեան կողքին պիտի հսկէ նաեւ անոր ընկերային, առողջապահական եւ կրթական մարզերուն բարելաւման:

«Մենք նախանձախնդիր ենք մեր բոլոր պատասխանատուութիւններուն` պաշտպանելու համար մեր հողը, հայրենիքն ու գերիշխանութիւնը: Մի՛ մտածէք այն բոլոր յայտարարութիւններուն մասին, որոնք կասկածի տակ կ՛առնեն կառավարութեան կարողութիւնները եւ մի՛ մտահոգուիք այս կամ այն յայտարարութենէն կամ հաղորդագրութենէն: Կեդրոնացէ՛ք միայն այն տարազին վրայ, թէ լիբանանեան ազգային միասնականութեան մէջ է երկրին փրկութիւնը եւ թէ հարաւային Լիբանանին ու անոր բնակչութեան ապահովութիւնը երաշխիք մըն է իր բոլոր զաւակներուն», եզրափակեց Միքաթի:

 

Share this Article
CATEGORIES