Մանչեսթըր Սիթի Դարձեալ Պիտի Փորձէ Ձեռք Ձգել Փեփէն
Գերմանական «Պիլտ» մարզաթերթին համաձայն, Անգլիոյ ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի դարձեալ պիտի փորձէ ձեռք ձգել Ռէալ Մատրիտի մաս կազմող փորթուգալցի յետսապահ Փեփէն:
Նախորդ ամրան ընթացքին, անգլիական ակումբը փորձած էր ձեռք ձգել Փեփէն, սակայն արքայական ակումբը կտրուկ կերպով մերժած էր ատիկա:
Յառաջիկայ յունուարին, երբ մարզիկներու ձմեռնային փոխանցումները սկսին, Սիթի ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայէ Փեփէի ստորագրութիւնը ձեռք ձգելու` անոր փոխանցման համար Ռէալի առաջարկելով 25-էն 30 միլիոն եւրօ:
CATEGORIES Մարզական

