Լիբանանեան Վեց Մրցանիշ Հաստատուեցաւ 2-րդ Հանգրուանի Մրցումներուն

Սարա Քորթպաուի

Սարա Քորթպաուի

Կազմակերպութեամբ Միրիամիին – Շանվիլ ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, Ռաֆիք Հարիրիի անուան համալսարանին մէջ (Հատաս) տեղի ունեցան աթլեթիզմի 2-րդ հանգրուանի մրցումները:

Այս մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Ժամհուր, Անսար, Ինթըր Լեպանոն, Լիբանանեան բանակ եւ կազմակերպիչ ակումբը:

Անոնց ընթացքին լիբանանեան վեց նոր մրցանիշներ հաստատուեցան, երեքը` Սարա-Ճօ Քըրթպաուիի (Շանվիլ) կողմէ, որ աղջկանց երեք տարբեր դասակարգերու մէջ (պարմանուհիներ, կրտսերներ եւ երիտասարդներ) 1500 մեթր վազքի մրցումին արձանագրեց 4′ 46″ 51 արդիւնք մը: Նախկին մրցանիշն էր 4′ 47″ 86, որ դարձեալ կը պատկանէր անոր:

Երկու այլ մրցանիշներ հաստատեցին անոր քոյրերը:

Աղջկանց 3000 մեթր վազքի մրցումին Սենտի Քարամ (Շանվիլ), արձանագրելով 15′ 58″ 59 արդիւնք մը, երիտասարդներու մրցանիշ մը հաստատեց:

Նոյն մրցումին Քլոյէ Քարամ (Շանվիլ) թէեւ 19′ 22″ 86 արդիւնք մը արձանագրելով հանդիսացաւ երկրորդ, սակայն ան պարմանուհիներու դասակարգին մէջ մրցանիշ մը հաստատեց:

Վերջապէս, վեցերորդ մրցանիշ հաստատողը հանդիսացաւ Նուրէտտին Հատիտ (Լիբանանեան բանակ)` 150 մեթր վազքի մրցումին (16″ 52):

 

Share this Article
CATEGORIES