Լիբանանեան Ֆութպոլ. Ուրբաթ, 26 Սեպտեմբերին Կը Սկսի Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2014-2015 Տարեշրջանը

Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2014-2015 տարեշրջանը կը սկսի ուրբաթ, 26 սեպտեմբերին, երբ տեղի կ՛ունենան երկու մրցումներ: Ապա, յաջորդող երկու օրերուն եւս տեղի կ՛ունենան երկուքական մրցումներ:

Ստորեւ Ա. հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.

ՈՒՐԲԱԹ, 26 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Ահտ – Թրիփոլի 15:30 Պուրճ Համուտ
Սալամ Զղարթա – Շապապ Սահել 15:30 Զղարթա
ՇԱԲԱԹ, 27 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ
Անսար – Ռասինկ 15:30 Պէյրութ
Շապապ Ղազիէ – Ախա Ահլի Ալէյ 15:30 Քֆարժոզ
ԿԻՐԱԿԻ, 28 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ
Սաֆա – Նըժմէ 15:30 Սայտա
Թատամոն Սուր – Նեպի Շիթ 15:30 Սուր

Ֆետերասիոնը Լիբանանի երիտասարդներու ֆութպոլի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանին ՀՄԸՄ – Թրիփոլի մրցումին գծով փոքր փոփոխութիւն մը կատարեց: Անիկա այժմ տեղի պիտի ունենայ` կիրակի, 28 սեպտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Շարքի դաշտին վրայ:

Փոփոխութեան ենթարկուեցան նաեւ Ժապալ Մաժտալպաանա – ՀՄՄ (փոքրերու ախոյեանութիւն) 7-րդ հանգրուանի մրցումին թուականը եւ վայրը: Անիկա տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 28 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Սաֆայի դաշտին վրայ:

Share this Article
CATEGORIES