Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Վրաստան

Ֆրանսայի Պատուիրակութիւնը Այցելեց
Ախալցխայի Երիտասարդական Կեդրոն

0907_javakhkՍեպտեմբեր 7-ին Ֆրանսայի պատուիրակութիւնը այցելեց Ախալցխայի Հայկական երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոն: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին` Ֆրանսայի Ալֆորվիլ շրջանի քաղաքապետը, ծերակուտական Լիւք Քաւնաս, Ֆրանսայի խորհրդարանի երեսփոխան, Ֆրանսայի Եւրոխորհուրդի պատուիրակութեան նախագահ, Եւրոխորհուրդի փոխնախագահ Ռընէ Ռուքէ եւ Ֆրանսա-Ջաւախք յանձնախումբի նախագահ Ժիրայր Կարապետեան:

Երիտասարդական կեդրոնին մէջ հիւրերը դիմաւորուեցան Akhaltskha.Net-ի գլխաւոր խմբագիր, կեդրոնի գործունէութիւնը համակարգող Էդուարդ Այվազեանին եւ կեդրոնի գործադիր տնօրէն Նանուլի Յակոբեանին կողմէ:

Անոնք  ծանօթացան կազմակերպութեան գործունէութեան: Ֆրանսա-Ջաւախք յանձնախումբի նախագահ Ժիրայր Կարապետեան նկատել տուաւ, որ ինք առաջին անգամ չէ, որ կ՛այցելէ Ախալցխայի Հայկական երիտասարդական կեդրոն եւ շատ հաճելի է անգամ մը եւս հոն գտնուիլը:

 

Յունաստան

Հայկական Տաղաւար` Թեսաղոնիկէի
Միջազգային Ցուցահանդէսին

Int'l-exhibition_thesalonikiՎերջերս տեղի ունեցաւ Թեսաղոնիկէի Միջազգային 79-րդ ցուցահանդէսը, որուն իր մասնակցութիւնը բերած էր Հայ-յունական առեւտրական պալատը: Տաղաւարին մէջ  ցուցադրուած էին  հայկական խմիչքներ` «Քուալիթի ուայնզ» ընկերութեան եւ հայկական «Էյ. Տապլեու. Այ.» ժամացոյցներ` «Օրոֆազմա» ընկերութեան կողմէ, ինչպէս նաեւ` այլ իրեր:

Հայկական տաղաւարի բացման ներկայ գտնուեցան Յունաստանի առեւտրատնտեսական պալատի նախագահ Յարութ Պոյնիկեան, փոխնախագահ Սարգիս Տակազեան եւ գանձապահ Տանիէլ Աբիկեան: Այցելուներու ընդունելութեան պարտականութիւնը ստանձնած էր Սարգիս Տակազեան, իսկ  ցուցահանդէսի կազմակերպման պատասխանատուն էր Արաքսիա Կարապետեան:

Յայտնենք, որ Թեսաղոնիկէի Միջազգային ցուցահանդէսը երկրորդ անգամ ըլլալով յատկանշուած է հայկական ներկայութեամբ: Առաջին անգամը 1995-ին էր:

Սեպտեմբեր 10-ին ելոյթ ունեցաւ Թեսաղոնիկէի Համազգայինի երկսեռ պարախումբը` հայկական խանդավառ մթնոլորտ ստեղծելով այցելուներուն մօտ:

 

Միացեալ Նահանգներ

Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ
Նորակերտ Շրջափակի Բացում Եւ
Նոր Խաչքարի Օրհնութիւն

0905_freznoՍեպտեմբեր 5-ին, թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ժամանեց Ֆրեզնօ, ուր նախագահեց Ս. Երրորդութիւն մայր եկեղեցւոյ նորակերտ շրջափակին բացման արարողութեան ու կատարեց հոն կանգնած նոր խաչքարին օրհնութիւնը: Այս նոր բաժինը ձօնուած է եկեղեցւոյ շէնքի 100-ամեակին:

Առաջնորդ սրբազանը գոհունակութեան եւ շնորհաւորութեան խօսք ուղղեց ներկաներուն` նշելով, որ եկեղեցւոյ պատմական շէնքին 100-ամեակը գեղեցիկ յուշեր կ՛արթնցնէ բոլորին մէջ: Ան մաղթեց, որ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը շարունակէ ներշնչման աղբիւր եւ փարոս ծառայել յատկապէս նոր սերունդներուն համար, իբրեւ պահապան ու խորհրդանիշ` մեր հաւատքին, լեզուին, մշակոյթին, ազգային արժէքներուն ու աւանդներուն:

Հոգաբարձութեան ատենապետ Վարուժան Տէր Սիմոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց Փառնակեան, Չաքալոզեան, Գազարեան, Սահաթճեան եւ Շամշոյեան ընտանիքներուն, որոնց նուիրատուութեանց շնորհիւ կարելի եղած էր իրագործել շրջափակին նորոգութիւնը:

Նշուեցաւ Ազգային Ֆերահեան Վարժարանի
Հիմնադրութեան 50-Ամեակը

0906_ferahianՍեպտեմբեր 6-ին տեղի ունեցաւ Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան վարժարանի հիմնադրութեան 50-ամեակի տարեդարձի տօնակատարութեան նուիրուած ճաշկերոյթը: Ձեռնարկին ընթացքին յատուկ գնահատանքի արժանացաւ դպրոցի հիմնադիր տնօրէն Գաբրիէլ Ինճէճիկեանը:

Տօնակատարութեան կազմակերպիչ յանձնախումբը նախօրօք կատարուած աշխատանքով արդէն իսկ հանգանակած էր շուրջ 250 հազար տոլար նուիրատուութիւն: Իսկ ձեռնարկի ընթացքին Գրիգոր Չաքեան ամոլը դպրոցին նուիրեցին 200 հազար ամերիկեան տոլար:

Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան գոհունակ սրտով շնորհաւորեց վարժարանի 50-րդ տարեդարձը, ոսկեայ յոբելեանը:

Ձեռնարկի յանձնախումբի նախագահ Րաֆֆի Մանուկեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատար կանգնած են վարժարանի յառաջընթացին: Ան նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց անցեալի եւ ներկայի բոլոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, տնօրէնութեան եւ պաշտօնէութեան, որոնք նուիրուածութեամբ եւ հոգատարութեամբ հայկական դաստիարակութիւն կը ջամբեն մատղաշ սերունդներուն: Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ վարժարանին պատմականը ներկայացնող տեսերիզ մը:

Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փոլ Գրիգորեան բարձր գնահատեց վարժարանին բերած նպաստը` հայ գաղութի նոր սերունդներու կրթական, մշակոյթի պահպանման եւ դաստիարակման աշխատանքներուն մէջ: Ապա բեմ հրաւիրեց վարժարանի հիմնադիր Գաբրիէլ Ինճէճիկեանը, որպէսզի ստանձնէ քաղաքապետարանին կողմէ իրեն շնորհուած պարգեւը, նաեւ բեմ հրաւիրեց վարժարանի առաջին շրջանաւարտներէն Քարմեն Լիպարիտեանը եւ Փիթըր Ագարակեանը, որպէսզի փոխանցեն իրենց սրտի խօսքերը:

Գաբրիէլ Ինճէճիկեան շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք, անգամ մը եւս խօսեցաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական վարժարան հիմնելու իր տարիներու աշխատանքին մասին, որ վերջապէս իրականացաւ Մատթէոս Ֆերահեանին կտակով: Ապա հպարտութեան զգացում յայտնեց այն բոլոր աշակերտներուն հանդէպ, որոնք շրջանաւարտ եղած էին վարժարանէն եւ արդէն իսկ հասած` հպարտալի դիրքերու:

Վարժարանի տնօրէն Ժան Գոսագեան իր ելոյթին մէջ նշեց, թէ հաւատքով հիմնուած կառոյց մը դարեր շարունակ կը գոյատեւէ` ներշնչելով սերունդներ շարունակ, ինչպէս` Մատթէոս Ֆերահեանի այն երազն ու հաւատամքը, թէ հայկական դպրոցը այն միջավայրն է, ուր հայ երիտասարդը կը փրկուի ձուլումէ: Ահա այդ հաւատամքը տակաւին կ՛ապրի եւ կը յարատեւէ: Տնօրէնը մեծապէս արժեւորեց հիմնադիր տնօրէն Գաբրիէլ Ինճէճիկեանին գործն ու կամքը:

Ապրիլ 2015-ը Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի
Ոգեկոչման Ամիս Հռչակուեցաւ
Կլենտէյլի Համայնքային Քոլեճին Կողմէ

0909_glendaleՍեպտեմբեր 9-ին, Կլենտէյլի Համայնքային քոլեճի հոգաբարձութիւնը, հետեւելով Լոս Անճելըսի միացեալ կրթաշրջանի օրինակին` որոշեց Ապրիլ 2015-ը հռչակել «1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման ամիս»:

Բանաձեւը նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին դաստիարակչական ձեռնարկներու կը վերածէ քոլեճի գործունէութեան մէկ մասը` միաժամանակ կոչ ընելով Միացեալ Նահանգներու նախագահին, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութեան բարելաւումը հիմնէ Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման ու վնասուց հատուցումներու յատկացման պայմաններուն վրայ:

Կլենտէյլի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Արթին Մանուկեան դրուատեց Կլենտէյլի համայնքային քոլեճի հոգաբարձութեան այս քայլը` նշելով, որ նման որոշումներ կը նպաստեն ցեղասպանութեանց կրկնութեան առաջքը առնելու ջանքերուն: Մանուկեան բանաձեւի քննարկման ընթացքին ելոյթ ունենալով` շեշտեց Հայոց ցեղասպանութիւնը մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ պահելու կարեւորութիւնը եւ խօսեցաւ Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն մասին: Ապա կոչ ուղղեց, որ հոգաբարձութիւնը միաձայնութեամբ վաւերացնէ բանաձեւը:

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլեն Ասատրեան իր  խօսքին մէջ տեղեկութիւններ տուաւ Հայ դատի նախաձեռնած «Շնորհակալութիւն, Ամերիկա» ծրագիրին մասին, որուն նպատակն է լուսարձակի տակ առնել Ցեղասպանութեան զոհ գացած հայութեան մատուցուած ամերիկացիներու օժանդակութիւնները` Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց կազմակերպութեան կողմէ:

Կարծիքներ արտայայտեցին նաեւ քանի մը ուսանողներ` նեցուկ կանգնելով բանաձեւին, որմէ ետք, քոլեճի հոգաբարձութեան ատենապետ Վահէ Փիրումեան առաջարկեց վաւերացնել բանաձեւը: Հոգաբարձութեան անդամներ Արմինէ Յակոբեան եւ Անիթա Քուինոնեզ-Գաբրիէլեան, Թոնի Թարթակլիան եւ Էն Ռանսֆորտ շեշտեցին վաւերացման անհրաժեշտութիւնը, որմէ ետք բանաձեւը միաձայնութեամբ վաւերացուեցաւ:

Վահէ Փիրումեան եւ Արմինէ Յակոբեան կոչ ուղղեցին այլ համայնքային քոլեճներու, որ նման բանաձեւեր որդեգրեն:

 

Աւստրալիա

Ուիլիըմ Սարոյեանի Ծննդեան
105-
Ամեակին Նուիրուած Գրական Երեկոյ

0830_saroyanՀովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Հայկազուն եպս. Նաճարեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Աւստրալիոյ Շրջանային վարչութեան գրական-գեղարուեստական յանձնախումբին, 30 օգոստոսին Ռայտ շրջանի Ս. Ակնէս Անգլիական եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ուիլիըմ Սարոյեանի ծննդեան 105-ամեակին նուիրուած գրական երեկոյ:

Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով Զարուհի Մանուկեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն անդրադարձաւ Սարոյեան գրագէտի գլխաւոր արժանիքներուն:

Օրուան գլխաւոր բանախօս, գաղութի ծանօթ մտաւորական Մարի Նալպանտեան իր խօսքին մէջ հաստատեց, թէ Ուիլիըմ Սարոյեան հայ գրականութեան մեծութիւններէն մին է, հակառակ այն իրողութեան, որ ան գրած է անգլերէնով, որովհետեւ ծնած ու ապրած է Մ. Նահանգներու Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ: Ան նկատել տուաւ, որ այս իրողութիւնը հաստատած է Սարոյեան ու իր կապերը երբեք չէ խզած հայկական միջավայրին հետ` միշտ կառչած մնալով իր արեան կանչին:

Ապա Լիլիկ Կոտոյեան ներկայացուց Ուիլիըմ Սարոյեանի ստեղծագործութիւններուն ազգային արմատները` ցոյց տալով գրողին ազգային հայկական ոգին:

Այնուհետեւ Մանուկ Կոտոյեան ներկայացուց Սարոյեանի «Սպիտակ ձիուն գեղեցիկ ամառը» պատմուածքը: Ալեքս Սահակեան դաշնամուրի վրայ նուագեց «Վաղարշապատի պար»-ը եւ այլ կտորները, իսկ Սարօ Գարատանեան եւ Նաթալի Պասթաճեան կարդացին հայերէնով ու անգլերէնով Սարոյեանի իր ցեղին տոկունութիւնը բնորոշող նշանաւոր ու հանրածանօթ խօսքը: Տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն:

Աւարտին Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Ասատուր Շուկայեան անդրադարձաւ համաշխարհային առումով հայազգի այս գրագէտի արժանիքներուն ու ապա իր գնահատանքը արձանագրեց կազմակերպիչ յանձնախումբին:

 

Պալթեան Երկիրներ

Էսթոնիոյ Մէջ Օծուած Է Հայոց Ցեղասպանութեան
100-
րդ Տարելիցին Նուիրուած Խաչքարը

0922_estonia22 սեպտեմբերին Էսթոնիոյ Հաաբսալու քաղաքին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու ծիրին մէջ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու եւ ցեղասպանութենէն մազապուրծ հազարաւոր հայ որբերը փրկած էսթոնացի միսիոնար Աննա Հետուիկ Պիւլի յիշատակին նուիրուած խաչքարի օծման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ եղած են Էսթոնիոյ մէջ պաշտօնական այցելութեամբ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան, Էսթոնիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արա Այվազեան (նստավայրը` Վիլնիւս), Հաաբսալուի քաղաքապետ Ուրմաս Սուկլես, Պալթեան երկիրներուն մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Խոսրով Ստեփանեան, Լաթվիայի, Լիթուանիոյ եւ Էսթոնիոյ հայ համայնքներու ներկայացուցիչներ, հիւրեր:

Նախաձեռնողներուն յայտնելով իր երախտագիտութիւնը` Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան  նախարար Արմէն Աշոտեան մեծապէս կարեւոր համարած է պատմական ճշմարտութեան բարձրաձայնումը եւ դատապարտումը` իբրեւ մարդկութեան դէմ իրագործուած մեծագոյն ոճիր: «Մենք պարտաւոր ենք յիշել եւ մեր երախտագիտութիւնը յայտնել բոլոր այն մարդոց, որոնք հայութեան պատմութեան այդ դժուարագոյն պահուն եղած են մեր հայրենակիցներու կողքին», նշած է Արմէն Աշոտեան:

Իր կարգին, Հաաբսալուի քաղաքապետ Ուրմաս Սուկլես նշած է, որ Աննա Հետուիկ Պիւլի առաքելութիւնը հայ եւ էսթոնացի ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան վկայութիւնն է` խարսխուած մարդասիրութեան եւ հոգեւոր բարձրագոյն արժէքներու վրայ: Ան յոյս յայտնած է, որ այս յուշարձանին բացումը նոր առիթ պիտի հանդիսանայ, որպէսզի աշխարհի տարբեր մասերուն մէջ ապրող հայերը այցելեն Հաաբսալու քաղաք:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )