ՊԱՀՐԷՅՆ «ԱՊՕՐԻՆԻ» ՀԱՒԱՔՆԵՐ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵԼԷ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ
Պահրէյն զգուշացուց շիի գործիչները կառավարական կառոյցներու մօտ հաւաքներ կազմակերպելէ` զանոնք կոչելով «ապօրինի»:
Պահրէյնի շիի մեծամասնութիւնը կը փորձէ սիւննի թագաւորութեան իշխանութիւնը տկարացնել` առօրեայ ցոյցեր կազմակերպելով եւ քայլարշաւներ կատարելով դէպի պետական ու ելեւմտական կառոյցներ` զանոնք նկատելով անհաւասարութեան եւ շիի մեծամասնութեան ճնշման խորհրդանիշներ:
Պահրէյնի իշխանութիւնները մայրաքաղաք Մանամայի մէջ ցոյցերու հետզհետէ աճող թիւ մը կը նկատեն: Ցոյցերը սկսած էին երեք շաբաթ առաջ:
Պետական «Պահրէյն» լրատու գործակալութիւնը երէկ յայտնեց, որ «նախարարութիւններու, առեւտրական համալիրներու կամ որեւէ այլ վայրի մօտ հաւաքներ, որոնք երթեւեկի խճողում կը ստեղծեն», ապօրինի են:
Ցոյցերու կեդրոնը եղող Մանամայի Մարգրիտի հրապարակին վրայ զետեղուած մեծ վրանի մը կատարուած ակներեւ ակնարկով մը` լրատու գործակալութիւնը նշեց, որ «արշալոյսէն առաջ կամ մայրամուտէն ետք» կատարուող ցոյցերը արգիլուած են:

