Կրիշա Սիմոնեան Մահացաւ
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը յայտնեց, որ երէկ` ուրբաթ, 26 սեպտեմբերին մահացաւ Գրիշա Սիմոնեան, որ վերջին տարիներուն կը տառապէր ամէնէն ծանր հիւանդութեամբ` գլխու ուղեղի ուռեցքէ: Այս հիւանդութիւնը դժբախտաբար արգելք հանդիսացաւ անոր, որ դառնայ արհեստավարժ ֆութպոլիստ:
Նախորդ փետրուարէն սկսեալ դրամահաւաք կազմակերպուած էր Սիմոնեանի բուժումին ծախսերուն համար: 6 ամսուան ընթացքին հաւաքուած գումարը հասաւ 3 միլիոն 330 հազար ռուսական ռուբլիի:
Բացի ատկէ, Չեչենիոյ նախագահ եւ Թերեք ակումբի պատուոյ նախագահ Ռամզան Քատիրով իր վրայ վերցուց 19 տարեկան ֆութպոլիստին բուժումին ծախսերը: Գրիշա Սիմոնեան պայմանագիր ստորագրեց նաեւ ակումբին հետ, ստացաւ անուանական շապիկ եւ շարունակեց իր բուժումը` Գերմանիոյ մէջ, ապա վերադարձաւ Մոսկուա:
Նախորդ 22 սեպտեմբերին մայրաքաղաքի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ ան ենթարկուեցաւ վիրաբուժութեան, որմէ ետք մտաւ մահաքունի մէջ եւ երէկ մահացաւ, իր լուրը կ՛եզրափակէ ArmSport.am:

