Արցախ. Նախագահ Սահակեան Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանը Պարգեւատրեց «Ոսկիէ Արծիւ» Շքանշանով
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ Գանձասարի վանական համալիրին մէջ մասնակցեցաւ Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ Արցախի թեմի վերաբացման 25-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկին, որուն ընթացքին ան «Արցախի հերոս» բարձրագոյն կոչումին արժանացած Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանին յանձնեց «Ոսկիէ արծիւ» շքանշանը:
Իր խօսքին մէջ նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատեց եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը հայ ժողովուրդի եւ Արցախի կեանքին մէջ` ընդգծելով, որ առանց մայր եկեղեցւոյ անկարելի պիտի ըլլար գոյատեւել, պահպանել մեր ազգային ինքնութիւնն ու աւանդութիւնները, հասնիլ յաղթանակներու:
Նախագահ Սահակեան Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը բնութագրեց իբրեւ ականաւոր եկեղեցական եւ հասարակական գործիչ, որ կը հանդիսանայ Արցախը խորհրդանշող կերպարներէն մէկը` աւելցնելով, որ ան արժանիօրէն կը շարունակէ պատմական Գանձասարի մեծ առաջնորդներուն հերոսական գործը:
Ձեռնարկին կը մասնակցէին Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան, պաշտօնատար անձեր եւ հիւրեր Հայաստանէն ու արտերկիրէն:

