«Պունտըսլիկա». Պայէրն Միւնիխ Յաղթեց, Պորուսիա Տորթմունտ Պարտուեցաւ

Խապի Ալոնսօ (կեդրոնը)
Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող ախոյեան Պայէրն Միւնիխ 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Քէօլնի դաշտէն: Մարիօ Կէօթցէ (19-րդ) եւ Տանիէլ Հալֆար (66-րդ` սխալմամբ իր բերդին մէջ) նշանակեցին Պայէրնի կոլերը:
Պորուսիա Տորթմունտ կրեց տարեշրջանի իր 3-րդ պարտութիւնը` այս անգամ Շալքէէն` 2-1 արդիւնքով: Մրցումին երեք կոլերն ալ նշանակուեցան Ա. կիսախաղին:
Օգտուելով Պայէր Լեւերքուզընի արձանագրած հաւասարութենէն` Ֆրայպուրկի հետ (0-0), Մէօնշընկլատպախ 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Փատերպոռնի, բարձրացաւ 2-րդ դիրք:
Այստեղ կ՛արժէ նշել, որ Պայէրն Միւնիխի սպանացի մարզիկ Խապի Ալոնսօ, որ կը կատարէր իր 5-րդ մրցումը, Գերմանիոյ ախոյեանութեան նոր մրցանիշ մը հաստատեց` նկատի ունենալով, որ ան 206 անգամ դպաւ գնդակին` կատարելով 196 ճշգրիտ փոխանցում:
Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր դարձեալ Պայէրնի մաս կազմող Թիակօ Ալքանթարային, որ գնդակին դպած էր 185 անգամ եւ կատարած 159 ճշգրիտ փոխանցում:

