«ՔՈՓԱ ԱՄԵՐԻՔԱ». ՏԻՏՂՈՍԱԿԻՐ ՊՐԱԶԻԼ ԵՒՍ ՀԵՏԵՒԵՑԱՒ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼ ԵՐԿՐԻՆ` ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ՕՐԻՆԱԿԻՆ

Պրազիլի տխուր մարզիկները

Փարակուէյի ուրախ մարզիկները

Արժանթինի մէջ տեղի ունեցող «Քոփա Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի վերջին երկու մրցումներուն եւս շարունակուեցան անակնկալները` նկատի ունենալով, որ հիւրընկալ երկրին` Արժանթինի օրինակին եւս հետեւեցան երկու ուրիշներ` տիտղոսակիր Պրազիլ եւ Չիլի:

Պրազիլ, որ ճակատեցաւ Փարակուէյի դէմ, 120 վայրկեան պայքարելով չյաջողեցաւ կոլ նշանակել: Դիմուեցաւ անխուսափելիին` փենալթիներուն:

Պրազիլի մարզիկները անբախտ գտնուեցան նաեւ փենալթիները հարուածելու ընթացքին, երբ անոնցմէ չորսը ձախողեցան իրենց առաքելութեան մէջ: Փարակուէյ փենալթիներով տարաւ վերջնական յաղթանակը` 2-0 արդիւնքով:

Կապրիել Սիչերօ

Երկու կազմերն ալ մրցումը աւարտեցին տասը մարզիկով: Պրազիլէն կարմիր քարտ ստացաւ Լուքաս Լէյվա (103-րդ), իսկ Փարակուէյէն` Անթոլին Ալքարազ (103-րդ):

Կիսաւարտականին, Փարակուէյ իր դէմ պիտի ունենայ Վենեզուելան որ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը` 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Չիլիի: Վենեզուելա իր լաւագոյն արդիւնքը արձանագրած էր 1967-ին` գրաւելով 5-րդ դիրքը:

Վենեզուելայի կոլերը նշանակեցին Օսվալտօ Վիզքարոնտօ (35-րդ) եւ Կապրիել Սիչերօ (81-րդ), իսկ Չիլիի կոլը` Հումպերթօ Սուազօ (70-րդ):

Երկու կազմերն ալ մրցումը աւարտեցին տասը մարզիկով: Չիլիէն կարմիր քարտ ստացաւ Կերի Մետել (83-րդ), իսկ Վենեզուելայէն` Թոմաս Ռինքոն (93-րդ):

 

Share this Article
CATEGORIES