Անդրադարձ. Երէկուան Բարեկամն Ու Գործընկերը` Այսօրուան Բարբարոսն Ու Տգէտը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
0929_vahoԹուրքիա, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ ճնշումի կ՛ենթարկուի, այժմ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ մաս կազմելու ՏԱՀԵՇ-ի դէմ միջազգային դաշինքին: Այդ մէկը Թուրքիոյ համար դժուար ընտրանք մըն է, որովհետեւ ՏԱՀԵՇ-ը այժմ Սուրիոյ մէջ վարչակարգին եւ մանաւանդ քիւրտերուն դէմ Թուրքիոյ ունեցած միակ ազդու խաղաթուղթն է: Անգարա ՏԱՀԵՇ-ը զինեց եւ անոր բազմաթիւ դիւրութիւններ ընծայեց Սուրիոյ մէջ քրտական ինքնավարութեան հեռանկարը վնասազերծելու համար: ՏԱՀԵՇ-ի դէմ դաշինքին մաս կազմելը կը նշանակէ, որ Անգարա պիտի ստիպուի այդ մէկը ինք կատարել:

Նորաստեղծ կացութեան մէկ այլ հետեւանքը կրնայ ըլլալ հետեւեալը. Արսալի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ լիբանանեան բանակի առեւանգուած զինուորականներուն ազատ արձակման համար թրքական միջնորդութեան վրայ դրուած յոյսերը կրնան չքանալ, որովհետեւ Թուրքիան մէկ կողմէ կը կորսնցնէ ՏԱՀԵՇ-ի մօտ ունեցած իր «դրամագլուխ»-ը, միւս կողմէ` պիտի չուզէ այդ խմբաւորման հետ սերտ յարաբերութեանց համար իր հասցէին ուղղուած միջազգային քննադատութեանց ջաղացքին ջուր լեցնել: Ահա թէ ինչու կը հաղորդուի, որ այս թղթածրարին հարցով թրքական կողմին մօտ որոշ վերապահութիւն մը գոյութիւն ունի:

Էրտողան չի բացառեր, որ Թուրքիոյ երազին իրագործման` Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտիի մը ստեղծման համար թրքական բանակը մուտք գործէ դրացի երկիր: Ճիշդ է, որ այդ բանակը նախապէս այդ քայլին դիմած է 1974-ին` ներխուժելով հիւսիսային Կիպրոս, ուր անոր հաստատած «ապահովական գօտի»-ն արդէն կը գոյատեւէ 40 տարիէ ի վեր, սակայն այս պարագային կացութիւնը աւելի բարդ է եւ այդպիսի քայլի մը նկատմամբ հակազդեցութիւններն ու հետեւանքները անկանխատեսելի են, բան մը, որուն լաւ կը գիտակցին թուրք ղեկավարները եւ այդ պատճառով ալ կը պնդեն, որ Թուրքիան այդ մէկը առանձին չի կրնար ընել:

Մինչ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ դաշինքին մասնակցութեան փոխարէն Թուրքիոյ վճարուելիք գին մը ճշդելու համար Անգարա-Ուաշինկթըն բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան, Տաւութօղլու եւս ՏԱՀԵՇ-ի հետ յարաբերութեանց խզումի ենթահողը կը պատրաստէ` անոր անդամները «բարբարոս» ու «տգէտ» կոչելով եւ խմբաւորումին իսլամութեան հետ կապը հերքելով: Այդ իրողութիւնը նախապէս չէր արգիլած, որ Անգարա անոնց հետ գործառք կատարէ, սակայն, ինչպէս Էրտողան կը նշէ, այժմ կացութիւնը փոխուած է. հիմա, որ 49 թուրք պատանդները ազատ արձակուած են, Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցի-յուշակոթողը աւերուած է եւ դաշնակից ուժերու օդային հարուածներուն պատճառով ՏԱՀԵՇ-ի հետ քարիւղի առեւտուրի շահաւէտութիւնը չքացած` մօտիկ անցեալի բարեկամին ու գործընկերոջ բարբարոսութիւնն ու տգիտութիւնը յանկարծ դարձած է տեսանելի եւ անհանդուրժելի:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES