Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի
Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինի Անդամները
Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան սեպտեմբեր 22-ին ընդունեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինի անդամներ` Սեդա Խտըշեանը, Շահան Գանտահարեանը, Ռաֆայէլ Ուդումեանն ու Վաչէ Նաճարեանը:
Սփիւռքի նախարարը կարեւոր նկատեց սեպտեմբեր 19-20 կայացած Հայրենիք-սփիւռք 5-րդ համահայկական համաժողովին Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին մասնակցութիւնը եւ ներկայացուցած կառուցողական առաջարկները:
Իրենց կարգին` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինի անդամները բարձր գնահատեցին Հայրենիք-սփիւռք 5-րդ համաժողովի աշխատանքներուն ընթացքը եւ համոզում յայտնեցին, որ համաժողովին հնչած բոլոր առաջարկները եւ հարցադրումները իբրեւ ծրագրային դրոյթներ եւ գործողութեան ուղենիշ` պիտի ամրագրուին եւ խորութեամբ քննարկուին սփիւռքի նախարարութեան մէջ:
Քննարկուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած Լիբանանի մէջ կատարուելիք աշխատանքները, «Իրաքի եւ Սուրիոյ իսլամական պետութեան» ահաբեկիչներուն կողմէն Տէր Զօրի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կառուցուած Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցին պայթեցնելու դէպքը, ինչպես նաեւ` սփիւռքի նախարարութեան հետ գործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Մուշեղ Իշխանի 100-Ամեակի Նշում
Երեւանի Մէջ
«Մուշեղ Իշխանի 100-ամեակը պէտք է Հայաստանում նրա ստեղծագործութիւնները նորից տպագրելու առիթ դառնայ, որպէսզի նոր սերունդը աւելի լաւ ճանաչի բանաստեղծին»: Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան այս հաստատումը կատարած է 24 սեպտեմբերին Մուշեղ Իշխանի 100-ամեակին նուիրուած ցերեկոյթին ընթացքին: Ան դիտել տուած է, որ Մուշեղ Իշխան իր աշխատանքին ընդմէջէն միշտ միտած է պահպանել հայոց լեզուն, մշակոյթն ու պատմութիւնը` հաւատալով, որ այդպէս կարելի է երաշխաւորել հայութեան գոյատեւումը:
Այս առիթով սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ուղերձը փոխանցած է փոխնախարար Սերժ Սրապիոնեանը, որ նկատել տուած է, թէ բանաստեղծին «Տուներու երգը», «Հայաստան», «Կեանք ու երազ», «Տառապանք» եւ այլ ժողովածուներ ու բանաստեղծութիւններ տոգորուած են նուրբ քնարականութեամբ, խոհականութեամբ:
Մուշեղ Իշխան ծնած է 1914 թուականին: Ցեղասպանութեան օրերուն ընտանիքով աքսորուած է Տէր Զօր: 1928-ին աւարտած է Դամասկոսի Հայոց ազգային վարժարանը, 1941-1951 խմբագրած է Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթը, հայ գրականութիւն դասաւանդած է Պէյրութի Հայ ճեմարանին մէջ, ուր երկար տարիներ ստանձնած է նաեւ տնօրէնի տեղակալի պարտականութիւնները: Ճեմարանի մէջ Մուշեղ Իշխան աշխատած է մինչեւ իր կեանքի վերջին տարին` 1990 թուական:
Մուշեղ Իշխանի անունով դպրոց կայ Երեւանի մէջ, իսկ անոր կարգ մը բանաստեղծութիւններու հիման վրայ նաեւ երգեր յօրինուած են:
Նորարար Արհեստագիտութիւնը Հայաստանի Մէջ
Ունի 325,000 Տարուան Պատմութիւն
Հայաստանի Կոտայքի մարզի Նոր Գեղի գիւղի մերձակայքը կատարուած հնագիտական պեղումները յեղափոխական տեղեկութիւններ կը հաղորդեն քարէ դարու մասին: Լոնտոնեան Հալլօուէյ թագաւորական քոլեճի դասախօսներ Սայմըն Պլոքլիի ու Ալիսըն ՄըքԼէօտի ղեկավարութեամբ աշխատող արշաւախումբը յայտնաբերած է լըւալուազեան մեթոտով մշակած քարէ գործիքներ: Հրաբխային լաւայի շերտերու հետազօտութեամբ պարզուած է, որ գործիքները ստեղծուած են 325-335 հազար տարի առաջ: Հազարաւոր զէնքերու ու գործիքներու յայտնաբերումը, որոնք կ՛օգտագործուէին տարածաշրջանի բնակիչներուն կողմէ, հնարաւոր դարձուցած են մարդկութեան զարգացման նպաստող նորարար յայտնագործութիւններու ամբողջ գործընթացի վերանայումը:
«Մեր յայտնագործութիւնները կասկածի տակ են դնում բազմաթիւ հնագէտների կողմից ընդունուած տեսակէտը, թէ լըւալուազեան մեթոտը յայտնագործուել էր Ափրիկէյում ու այնտեղից տարածուել Եւրասիա` մարդկութեան թուաքանակի աճի հետ մէկտեղ: Հայաստանում արուած յայտնագործութիւնները ի մի բերելու շնորհիւ` մենք ունենք յստակ ապացոյց, որ մարդկութեան զարգացման այս կարեւորագոյն յայտնագործութիւնը տեղի է ունեցել տարբեր խմբերում, իրարից անկախ», յայտնած է Պլոքլին:
Նոյն շրջանին մէջ յայտնաբերուած են նաեւ աւելի պարզունակ` երկկողմանի մշակուած քարէ գործիքներ: Տարածաշրջանին մէջ կ՛օգտագործուէր քարի մշակման երկու մեթոտ, գրած է «Science 2.0» ամսագիրը: Աւելի պարզունակ այդ մեթոտը կ՛օգտագործուէր կացիններու, իսկ լըւալուազեան մեթոտը` նիզակներու համար:
Կոմիտասն Ու Կոմիտասեան Երաժշտութիւնը`
Տիգրան Մանսուրեանի Ներկայացումով
«Կոմիտասը մեր ողջ պատմութեան ընթացքում ոգեղէն գոյութիւն է: Նա եկաւ ասելու, որ մենք մենք ենք, ունենք մեր երգը, որ` այդ երգը շատ նման է մեզ ու դա մեր հարստութիւնն է: Ընդ որում, ոչ միայն ասաց, որ երգ ունենք, այլ նաեւ ասաց, որ մեր երգն այնպիսի յատկութիւններ ունի իր ներսում, որ դրա հիմքի վրայ կարելի է կառուցել կոմպոզիցիոն ամբողջական մարմին, ինչպէս քարը, որ կարող է դառնալ ճարտարապետական կոթող, եկեղեցի», Կոմիտասի անուան պանթէոնին վարդապետի յիշատակին նուիրուած արարողութեան ընթացքին յայտնեց երգահան, Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ Տիգրան Մանսուրեանը:
Անոր խօսքով, «Կոմիտասը մեղեդուց ստեղծեց կոմպոզիցիոն կառոյց, ինչն աննախադէպ երեւոյթ էր: Պէտք է նկատի ունենալ մեր արեւելեան կողմում ապրող հարեւաններին, որոնց համար կոմպոզիցիոն կառուցուածքով զբաղուելը յաճախ ի հաշիւ մեղեդու նախնական մաքրութեան, պարզութեան շեղումի ուղղութեամբ է տեղի ունենում: Մեզնում այդ շեղումը Կոմիտասը ի չիք է դարձրել ու ասել է, որ ամբողջութեամբ նոյն մեղեդուց կարելի է ստանալ կառոյց: Ունենալով արեւելքին բնորոշ երաժշտական մտածողութիւն, կարողացել է դրա վրայ ստեղծել արեւմտեան մտածողութեան կոմպոզիցիա: Դա աննախադէպ մի բան է: Վառ օրինակ է Արեւելք-Արեւմուտք մշակութային, երաժշտական մերձեցումների եւ ընդհանրացման»:
Խօսելով կոմիտասեան ժառանգութեան մասին` արուեստագէտը աւելցուց. «Կոմիտասը մեզ թողել է պատարագ, հոգեւոր երաժշտութիւն, ժողովրդական երգերի մի մեծ հաւաքածու, դրանց վեր կառուցուած կոմպոզիցիոն մարմիններ, երգեր, խմբերգեր, դաշնամուրային գործեր: Երաժշտական ամբողջ տնտեսութեան տեսական հիմքերն են: Նա ստեղծել է կատարողական արուեստի այն հունը, որով այսօր մենք ապրում ենք եւ լսում ենք երգչախումբ, մեներգ, դաշնամուրային նուագ: Համապարփակ ակադեմական երեւոյթ է, որտեղ կայ եւ գիտական միտք, ստեղծագործական, բանահաւաքչական, կատարողական աշխատանք»:
Տ. Մանսուրեանի կարծիքով, Կոմիտասը «մի տեսակ եկեղեցու զաւակ է եղել, մանկութիւնից սկսած ապրել է հոգեւոր հսկայ աշխարհում, վայելել է Խրիմեան Հայրիկի, հոգեւոր միւս մեծերի աջակցութիւնը»:
«Կոմիտասը եղել է շատ դիւրահաղորդ, մարդամօտ, ուրախ, սրամիտ, կատակաբան մարդ, անշուշտ` մեծ խոկումների, հոգեական զգայնութիւնների տէր մարդ: Շատ է սիրել երեխաներին: Լուսաւոր անձ է: Երբեմն մենք իր կենսագրութեան այն էջերն ենք ցուցադրում, որոնք կապուած են մեր դաժան պատմական իրականութեան էջերի հետ: Դա կայ, անշուշտ, իր հոգեկան խանգարումը, հիւանդանոցային տարիների կեանքը: Գերադասելի է, որ իրեն յիշենք իր պայծառութեամբ: Բոլոր երգերի մէջ ներկայ է նրա պայծառութիւնը: Կոմիտասի մէջ աստուածատուր հանճարի լոյսը կար: Դա համակ սէր է դէպի ժողովուրդը, հայոց լեզուն, հայոց երգը, հայ շինականը, մեր բնութիւնը: Ինքն իրապէս լոյս է: Իր կոմպոզիցիաների մէջ ինչքան օդեղենութիւն կայ: Չէք գտնի այն տեխնիկական յագեցածութիւնը, որը նուազ չափով պէտք է խանգարի օդի ազատ շնչառութեանն իր մեղեդիրների, նուագակցութեան, խմբերգերի մէջ: Սա իր իւրայատուկ կոմպոզիցիոն մտածողութեան արտայայտութիւններից է` չծանրաբեռնել նիւթով, այլ` նիւթը ցնծացնել հիմքից, մեղեդուց, եթէ վրան բան ես աւելացնելու, լինի մեղեդու պահանջով, ոչ թէ նրան զարդարելու, ծանրութիւններ վրան հագցնելու համար: Սա իր լոյսի, գիտակցութեան արտայայտութիւնն է», այսպիսին է Կոմիտասն ու կոմիտասեան արուեստը տաղանդաւոր երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեանի նկարագրութեամբ ու մեկնաբանութեամբ:
«Քեսապի Երեք Օրերը» Եւ
«Քեսապի Շրջանի Պատմական Յուշարձանները»
Գիրքերու Շնորհահանդէս
Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կայացած է նշանաւոր գիտնական, մանկավարժ, գրող Յակոբ Չոլաքեանի «Քեսապի երեք օրերը» եւ Րաֆֆի Քորթոշեանի «Քեսապի շրջանի պատմական յուշարձանները» գիրքերուն շնորհահանդէսը:
Բարձր գնահատելով 21-23 մարտ 2014-ին տեղի ունեցած Քեսապի դէպքերուն իբրեւ հետեւանք Հայաստան տեղափոխուած ականաւոր գիտնական, հայաբնակ Քեսապ գիւղի տարեգիր Յակոբ Չոլաքեանի «Քեսապի երեք օրերը» յուշագրութիւնը` Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան նշած է. «Այս գիրքը բերում է 2014թ. մարտին Քեսապի շրջանի ամբողջական հայաթափման ու այդ դէպքերին նախորդող իրավիճակներին ականատես հեղինակի վկայութիւնները: Տեղեկատուական, պատմական, ազգագրական տեղեկութիւնները տրուած են պահի ապրումի եւ մտածումի հետ»:
Հեղինակը մասնագիտական շրջանակներու մէջ ճանչցուած է իբրեւ Քեսապի եւ Անտիոքի շրջանի հայերուն նուիրուած պատմա-ազգագրական, բարբառագիտական, բանագիտական շարք մը ուսումնասիրութիւններով:
«Ցաւ է, որ Քեսապի դէպքերը առիթ դարձան այս յուշագրութեան ստեղծմանը, բայց յոյսով ենք, որ Յակոբ Չոլաքեանի յաջորդ գիրքը պիտի դառնայ «Քեսապի վերածնունդը», յայտնած է նախարարը:
Անդրադառնալով Րաֆֆի Քորթոշեանի «Քեսապի շրջանի պատմական յուշարձանները» գիրքին` նախարարը կարեւոր նկատած է հեղինակին կողմէ Քեսապի մէջ պատմական յուշարձաններու ուսումնասիրութեան նպատակով իրականացուած գիտարշաւներու աշխուժ մասնակցութիւնը եւ նիւթին առնչուող գրաւոր աղբիւրներու ամբողջական ուսումնասիրութիւնը, անոնց ամրակայումը` իբրեւ պատգամ յաջորդող սերունդներուն` իրենց մշակութային աւանդներուն տէր կանգնելու: «Այս գիրքը կարեւոր տեղեկատուական աղբիւր կը դառնայ շրջանի պատմութեանը նախանձախնդիր քեսապցիների, ոլորտի մասնագէտների, յատկապէս հայկական գաղթավայրերի պատմութեամբ ու մշակոյթով հետաքրքրուողների եւ ընթերցող լայն հասարակութեան համար», ըսած է նախարարը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան` գիրքերը արժեւորելուն համար, Յակոբ Չոլաքեան եւ Րաֆֆի Քորթոշեան հաստատած են, որ շատ ծանր էր Քեսապի դէպքերուն ականատես ըլլալը եւ նոյնքան դժուար` այդ ամէնը փաստերով գրի առնելն ու լուսանկարելը: Նշուած է, որ երկու գիրքերը կարծես մէկ միասնութիւն ըլլան:
Աշխատութիւններուն վերաբերեալ գնահատանքի խօսքով հանդէս եկած են սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանը, Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցւոյ Ուրուկուէյի հայոց թեմի առաջնորդ Յակոբ արք. Գլընճեանը, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի (ԳԱԱ) լեզուի հիմնարկի տնօրէն Վիկտոր Կատուալեանը, ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեանը, ԵՊՀ պատմութեան ամպիոնի դասախօս Հայկազ Յովհաննիսեանը, ԵՊՀ հայ գրականութեան պատմութեան ամպիոնի վարիչ Սամուէլ Մուրադեանը, ԵՊՀ արեւելագիտութեան բաժնի նախագահի տեղակալ Ռուբէն Մելքոնեանը:
Շնորհահանդէսին մասնակիցները դիտած են նաեւ հայաբնակ Քեսապի պատմութիւնն ու տեղահանութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը:
«ԱՐՓԱ» Հաստատութեան «Նորարարութիւն»
Տարեկան Մրցանակաբաշխութիւնը Կայացաւ
Երեւանի Մէջ
23 սեպտեմբերին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի նախաձեռնութեամբ ԵՊՀ Պալեաններու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի «Արփա» հաստատութեան «Նորարարութիւն» տարեկան մրցանակաբաշխութեան արդիւնքներու ամփոփման նուիրուած հանդիսութիւն:
Մրցանակաբաշխութեան ընթացքին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանը: Կարեւոր նկատելով նախաձեռնութիւնը` Ս. Սրապիոնեան նշեց. «Այս մրցանակաբաշխութիւնը նպաստում է, որ բնագիտական բաժանմունքների ուսանողութեան թիւն աւելանայ, ինչը նկատելի է վերջին տարիներին»:
Շնորհակալութիւն յայտնելով սփիւռքի նախարարութեան եւ յատկապէս նախարար Հրանուշ Յակոբեանին` «Արփա» հաստատութեան տնօրէն Յակոբ Փանոսեան նշեց, որ մրցանակաբաշխութիւնը կը կատարուի հայրենիքի մէջ փորձագիտական գիտութիւնները զարգացնելու, Հայաստանի տնտեսութիւնը մրցունակ դարձնելու նպատակով:
Մրցանակաբաշխութեան 9 նիւթերու մասնակցութեան դիմում ներկայացուցած էին 19 ուսանողներ` Երեւանի պետական համալսարանէն, Հայաստանի պետական ճարտարապետական համալսարանէն (ՀՊՃՀ), ՀՊՃՀ-ի Գիւմրիի մասնաճիւղէն: Մրցանակային տեղերու եւ դրամական պարգեւի արժանացած է 3 ուսանող: Առաջին հանդիսացող չկայ: 2-րդ մրցանակը տրուած է Հրայր Հովնիկեանին, Պարոյր Աւետիսեանին` «Էլեկտրոլիտ լուծոյթների հաղորդակցութեան ոչ կոնտակտային չափման ֆերոէլեկտրոնային նանոթաղանթային տուիչի մշակում եւ հետազօտում» թեմային համար եւ Հրաչ Տօնէեանին, Արմինէ Գրիգորեանին` «Սիմիլարիտոնային ժամանակայաճախային Ֆուրիէ փոխակերպիչ գերարագ ֆոտոնիկայի համար» թեմային համար, 3-րդ մրցանակը Ովսաննա Զադոյեանին` «Գրաֆիկի լայնածաւալ արտադրութեան էժան, հեշտ եւ ոչ աւանդական տեխնոլոգիա» թեմային համար:
Ցեղասպանութեան 100-Ամեայ Տարելիցին Ընդառաջ
Հայաստանեայց Եկեղեցին 18 Ձեռնարկ Պիտի Իրականացնէ
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի դիւանապետ Արշակ եպս. Խաչատրեան 24 սեպտեմբերին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ներկայացուցած է եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովին արդիւնքները` տեղեկացնելով, որ ժողովին քննարկուած է նաեւ Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցի ձեռնարկներու հարցը:
Եպիսկոպոսին համաձայն, նախատեսուած է իրականացնել 18 ձեռնարկ, որոնց երկուքը` միւռոնօրհնէքը եւ Ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասումը, ընդգրկուած են պետական ձեռնարկներու ցանկին մէջ:
«Նախատեսուած է նաեւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի մասնակցութեամբ միջեկեղեցական միջոցառումներ կազմակերպել հայաշատ կենտրոններում` Ուաշինկթըն, Թաւրիզ, Մոսկուա, ինչպէս նաեւ քոյր եկեղեցիների հոգեւոր կենտրոններում` Վրաստան, Քենթպերի», տեղեկացուցած է Արշակ եպս. Խաչատրեան:
Ան նաեւ ըսած է, որ եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովը ընդգրկուն կազմով էր` շուրջ 164 հոգի: Անիկա չափազանց կարեւոր էր այն առումով, որ որդեգրուած է ժողովի կանոնադրութիւնը. «Դա իրապէս կարելի է կարեւոր համարել: Նախատեսուած է այն գումարել երկու տարին մէկ անգամ: Ժողովն արդէն դարձել է համաեկեղեցական հաստատութիւն», ընդգծած է սրբազանը:
Անդրադառնալով Սիսի կաթողիկոսութեան վերադարձին` Արշակ սրբազանը հրաժարած է գնահատել իրատեսականութիւնը: «Մենք սա դիտարկում ենք նոյն պահանջատիրական ձգտումների պարունակում, եւ կարծում ենք, որ Մայր Աթոռը պէտք է ամէն կերպ աջակցի այդ գործընթացին», հաստատած է ան:
Իգական Սեռի Նկատմամբ Արձանագրուած Է
Բռնութեան 1501 Դէպք
Այս տարուան առաջին ութ ամիսներուն ընթացքին Հայաստանի մէջ արձանագրուած է իգական սեռի նկատմամբ բռնութեան 1501 դէպք, որմէ 374-ը ընտանեկան բռնութիւն է: Նոյն ժամանակաշրջանին արձանագրուած է անչափահասներու նկատմամբ բռնութեան 138 դէպք:
Ոստիկանութեան քրէական հետախուզութեան գլխաւոր վարչութեան պետ գնդապետ Նելլի Դուրեան այս տուեալներուն կողքին ներկայացուց նաեւ նախորդ տարուան տուեալները: Անցեալ տարուան ընթացքին արձանագրուած է իգական սեռի նկատմամբ բռնութեան 2054 դէպք, որմէ 580-ը` ընտանեկան: Անչափահասներու նկատմամբ արձանագրուած է բռնութեան 245 դէպք: