Յուշատետր. Արագաշարժութիւնը Լաւ Է

Ռ. Հ.

Օրուան խմբագրական աշխատանքը վերջացուցած էինք, թերթը տպագրութեան պիտի պատրաստուէր, մենք ալ գոնէ կէս ժամ հանգիստ շունչ մը պիտի առնէինք: Յանկարծ շատ կարեւոր լուր մը հասաւ խմբագրատուն: Անյետաձգելի լուր: Չէինք կրնար անտես առնել: Պէտք է որ էջը փոխէինք ու այդ լուրն ալ աւելցնէինք օրուան լուրերուն վրայ: Բայց քիչ ժամանակ ունէինք: Մեր ընկերներէն մէկը ստանձնեց լուրը խմբագրելու պարտականութիւնը:

– Շո՛ւտ ըրէ, բայց մի՛ աճապարեր, ըսի:

Կարծեց, որ կը կատակէի: Բայց չէի կատակեր: Շուտ ընելը տարբեր բան էր, աճապարելը` տարբեր: Ես շուտ ընելու, շուտ շարժելու, արագ գործ տեսնելու կողմնակից էի, կողմնակիցէն ալ աւելի, արագաշարժութեան երկրպագու էի, բայց աճապարանքի ալ դէմ էի: Նոյնը չէր: Մարդիկ պէտք է արագ գործ տեսնէին, բայց պէտք չէ աճապարէին: Աճապարանքը վտանգաւոր է, անպայման սատանան բան մը կը խառնէ աճապարանքով կատարուած գործին մէջ, սխալ մը, անճարակութիւն մը, արկած մը: Ես կեանքիս մէջ քանի՜ քանի՛ անգամներ տուժած եմ աճապարանքի պատճառաւ: Աճապարանքը լաւ չէ, բայց արագաշարժութիւնը, արագ գործ տեսնելը լաւ է: Եթէ կեանքիս մէջ շատ անգամ տուժած եմ աճապարանքի պատճառաւ, ատոր փոխարէն կեանքիս մէջ շատ բան շահած եմ արագաշարժութեան շնորհիւ, գործս շուտ տեսնելու տրամադրութեան շնորհիւ:

Ատելով կ՛ատեմ դանդաղաշարժութիւնը: Բայց ի՞նչ ըսել կ՛ուզեմ, երբ կը խօսիմ դանդաղաշարժութեան կամ արագաշարժութեան մասին: Ո՞րն է մէկը, ո՞րն է միւսը:

Կը մտածեմ ահաւասիկ: Գործ մը կայ, ես այս գործը կատարելու համար պէտք ունիմ տասը վայրկեանի: Եթէ զայն ութ վայրկեանէն ընեմ, ասիկա արագաշարժութի՞ւն է: Ամէն մարդ պիտի կարծէ, որ ասիկա արագաշարժութիւն է, այո՛: Բայց ես պիտի պատասխանեմ, որ ո՛չ. ասիկա արագաշարժութիւն չէ: Ասիկա աճապարանք է: Տասը վայրկեանի գործը ութ վայրկեանէն, կամ ինը վայրկեանէն գլուխ հանելը աճապարանք է: Յաջող արդիւնք կու տայ թերեւս, բայց կրնայ նաեւ չտալ. բայց աճապարանք է: Եթէ ես տասը վայրկեանի գործը կատարեմ տասը վայրկեանէն, ա՛յդ է որ ահաւասիկ արագաշարժութիւն է: Կը նշանակէ, որ արագ շարժած եմ, պարապ ժամանակ չեմ կորսնցուցած, գործը ատենին վերջացուցած եմ: Ա՛յս է, որ լաւ է: Իսկ եթէ տասը վայրկեանի այդ գործը գլուխ հանեմ տասներկու վայրկեանէն, ասիկա ահաւասիկ դանդաղաշարժութիւն պիտի ըլլայ:

Բոլորս ալ գիտենք, որ ամէն մարդ նոյն գործին համար տարբեր ժամանակամիջոցի մը պէտք ունի: Այն, ինչ որ ես կէս ժամէն կ՛ընեմ, ուրիշը քսան վայրկեանէն կամ մէկ ժամէն կրնայ ընել եւ այս ժամանակամիջոցը ամէն մարդու համար իր օրինաւոր ժամանակամիջոցն է: Արագաշարժութիւնը  կը նշանակէ գործը վերջացնել այդ օրինաւոր ժամանակամիջոցին մէջ: Արագաշարժութիւնը, ի հեճուկս բառական իմաստին, արագ շարժիլ պիտի չնշանակէ, այլ պիտի նշանակէ դանդաղ չշարժիլ: Ո՛չ թէ ժամանակ շահիլ, այլ` ժամանակ չկորսնցնել: Այսպէս ըմբռնուած արագաշարժութիւնն է, որ լաւ է ու փնտռուածն է:

Ամէն անգամ որ կը մտածեմ արագաշարժութեան մասին, անպայման պղտոր կերպով կը յիշեմ մանրավէպ մը: Մանրամասնութիւնները մոռցած եմ, բայց մայր գաղափարը գիտեմ: Ճամբորդութիւն մը կայ, որ, օրինակ, տասը օր կը պահանջէ: Մէկը կ՛առաջարկէ այդ նոյն ճամբորդութիւնը իրականացնել հինգ օրէն: Ասիկա հրաշալի է: Տասը օրէն կատարելի ճամբորդութիւնը զեղչել հինգ օրուան ճամբորդութեան, արագացնել, աւելի շուտ տեղ հասնիլ: Բայց այն ատեն մէկը պիտի հարցնէ.

– Լա՛ւ, տասը օրուան ճամբորդութիւնը հինգ օրէն եթէ ընես, մնացեալ հինգ օրը ինչպէ՞ս պիտի անցընես:

Հարցումը որքան տեղին է, չեմ գիտեր: Արագաշարժութեամբ շահուած ժամանակը մենք ի՞նչ բանի պիտի տրամադրենք: Ուրիշ գործի մը ի նպաստ պիտի օգտագործե՞նք այդ ժամանակը, թէ յումպէտս պիտի վատնենք զայն: Այստեղ կարեւորը ժամանակ շահի՞լն է, թէ ոչ ժամանակ չկորսնցնելը:

Է՛հ, եկէք բառերու վրայ չխաղանք, որովհետեւ բոլոր ճամբաները նոյն տեղը կ՛երթան: Կեանքը շատ երկար չէ եւ ոչ մէկը կորսնցնելու ժամանակ ունի: Ճիշդ է որ ժամանակ կորսնցնելն ալ մեր էութեան մաս կը կազմէ, ժամանակ կորսնցնելն ալ ճակատագիր է մարդուն համար, բայց կարծես սկզբունք մը կայ, որ մեզի կը հրահանգէ հետեւեալը. «Գործդ ատենին վերջացուր, անկէ վերջ եթէ կ՛ուզես կռնակի վրայ պառկէ, ծուլութեան յանձնուէ, քնացիր: Միայն թէ գործդ վերջացուր ճիշդ ատենին»:

Խմբագրական աշխատանքի մեր ամէնօրեայ մթնոլորտին մէջ իմ գործակիցներս այլեւս ձանձրացած ըլլալու են ամէն օր մինչեւ կէսօր ինձմէ լսելէ միշտ սա նոյն յանկերգը.

– Շո՛ւտ ըրէք:

Ձեռքը շուտ բռնել:

Առանց սակայն աճապարելու:

Առանց խուճապի մատնուելու:

Պաղարիւն աշխատանքով: Ու քիչ մըն ալ` գործը ճիշդ ատենին վերջացնելու անհամբերութեամբ:

Արագաշարժութիւնը լաւ է: Շո՛ւտ ըրէք:

 

Share this Article
CATEGORIES