ՍՔՈԹԼԱՆՏ ԵԱՐՏԻ ՂԵԿԱՎԱՐԸ «ՆԻՈՒԶ ԻՆԹԸՐՆԵՇԸՆԸԼ»Ի ՇՈՒՐՋ ԳԱՅԹԱԿՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ՀՐԱԺԱՐԱԾ Է

Լոնտոնի ոստիկանութեան ղեկավար Փոլ Սթիվընսըն իր հրաժարականը տուած է` յայտնի մարդոց եւ անոնց հարազատներուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները գաղտնալսելու եւ ոստիկաններու կողմէ «Նիուզ Ինթըրնեշընըլ» հրատարակչութեան լրագրողները կաշառելու առնչութեամբ ծագած գայթակղութեան ծիրին մէջ:

«Ես այս որոշումը տուած եմ «Նիուզ Ինթըրնեշընըլ»ի եւ մայրաքաղաքի ոստիկանութեան հետ կապերու շուրջ ամէնէն բարձր մակարդակով տարածուող լուրերու եւ մեղադրանքներու պատճառով, ինչ որ մասնաւորաբար կը վերաբերի պրն. Նիլ Ուիլսընի, որ ինչպէս ծանօթ է, ձերբակալուած է անցեալ շաբաթ` «Ուիթինկ» գործողութեան ծիրին մէջ» նշած է Սթիվընսըն:

Այս շաբաթ տեղեկութիւն հրապարակուած էր, թէ Սքոթլանտ Եարտ որոշ ժամանակ առաջ հրապարակային կապերու խորհրդատուի պաշտօնին նշանակած էր «Նիուզ աֆ տը Ուըրլտ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրի տեղակալ Նիլ Ուիլսընը, ինչպէս նաեւ կը հաղորդուէր, որ 2010-ին վիրահատութեան ենթարկուած Սթիվընսըն հանգստացած է «Չամփնիզ» հանգստեան վայրը, ուր աշխատած է Ուիլսընը:

Հրաժարականի մասին իր յայտարարութեան մէջ Սթիվընսըն վստահեցուցած է, որ որեւէ դերակատարութիւն չէ ունեցած Ուիլսընի պայմանագիր ներկայացնելու հարցին մէջ` «անպատկառ ու վրդովեցուցիչ» համարելով իր առողջութեան վերականգնման ուղղուած հանգիստը «Նիուզ Ինթըրնեշընըլ»ի շուրջ գայթակղութեան հետ կապելու փաստը:

 

Share this Article
CATEGORIES