Յակոբ Օշական Պօղոս Սնապեանի Աչքերով

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Յակոբ Օշականը յիշել` կը նշանակէ յիշել նոյն ատեն Պօղոս Սնապեանը: Երկու անուն` զուգորդուած իրարու, մէկը ուսուցիչ, միւսը` աշակերտ հաւատարիմ:

Եթէ մահը չաճապարէր, Պօղոս Սնապեան դեռ շատ ըսելիքներ պիտի ունենար իր անմոռանալի ուսուցիչին` Յակոբ Օշականի մասին: Երուսաղէմի հայոց վանքին մէջ իր ուսումը ստացած եւ գրականութեան գաղտնիքներուն թափանցած Պ. Սնապեան կ՛օգտագործէր ամէն առիթ` գովերգելու Յակոբ Օշականը, որ դժուար իմանալի գրագէտն էր եղած: Փոթորիկ մը կար անոր տողերուն մէջ, երբեմն` խճճուած նախադասութիւններ, ընթերցողին միտքը «սառեցնող»: Արդեօք ի՞նչ ըսել կ՛ուզէր Օշական: Երկարահունչ նախադասութիւններ, պարզ ընթերցողին համար անհասկնալի, որ չէր կրնար  շարունակել ընթերցանութիւնը: Կեանքի իւրաքանչիւր երեւոյթ, մանրապատում դէպքեր, մանաւանդ արու-էգի յարաբերութիւն կամ մէկը միւսին տենչացող տրամադրութիւններու վարպետ մեկնաբանն էր ան: Շունչը երկար, յոգնիլ չգիտցող, անվերջանալի վերջակէտ: Օշական երբ կայնած է պատուհանի մը առջեւ եւ նայուածքը դէպի դուրս, այդ «դուրսը» ներս կը մտնէ սենեակ եւ անվերջանալի պատում մը կը հիւսէ Օշականի զգացումներուն եւ ուղեղին համակեցութեամբ, եւ` տո՛ւր թէ կու տաս:

Անգամ մը կը կարդայի «Ծակ պտուկը», հատորին  առաջին էջէն կը շարունակէի ընթերցումը. Օշական պատուհանի մը դիմաց, մերթ կը խօսի դուրսի աշխարհի անցուդարձերուն մասին: Բնութիւն, ծաղկած այգի-պարտէզներ, անցորդներ, ընդհանրապէս` գեղջուկ, պահ մը ետք դէպի ներսի սենեակ, ինչեր անցած դարձած են այդ սենեակին մէջ… Էջերը կը դարձնեմ, տասը, քսան էջ, Օշականը տակաւին պատուհանին առջեւն է եւ ըսելիքներ ունի իր հերոսներուն եւ մանաւանդ հերոսուհիին, «Ծակ պտուկ»-ին մասին: Պահ մը կ՛ուզէի գիրքը մէկ կողմ ձգել, բայց կար միւս խայծը, ճակատագրին մանրամասնութիւնները` երիտասարդ մը սիրած գեղջուկ երիտասարդուհիին:

Ժամերը կ՛անցնին, Օշականին հետն եմ, որուն քայլերուն հետեւիլ ուզեց նաեւ իր հարազատ ծնունդ Վահէ Օշականը, որ թէեւ ժառանգեց հօրը անունը, մէկ կողմ նետեց ազգանունը եւ դարձաւ պարզապէս Օշական, բայց անկարելի եղաւ այդ փափաքը, որովհետեւ Յակոբ Օշական եզակի ծնունդ մը եղած էր, անկրկնելի, անհետեւելի, զարմանալի եւ հրաշալի: Հրաշքի ծնունդ մը գուցէ, որուն զգացումները եւ կիներու գոյութիւնը երկրագունդին վրայ, մանրամասնելի իրողութիւններ եղած էին: Անոնց «հեքիաթը» կարծէք հանապազօրեայ հացը եղած ըլլար: Կինը, հայ ըլլար թէ քիւրտ կամ թուրք, իւրաքանչիւրը իր մեղքով եւ հրաշագործութեամբ: Յիշեցի Յ. Օշականի «Երբ պատանի են» գիրքը: Մեր գրադարանները ունին այդ գիրքը, գտէ՛ք, կարդացէ՛ք, յայնժամ կը ճանչնաք Յակոբ Օշականը իր զարմացնող հրաշէկ կիրքերով եւ «աչքը բաց», պայծառ միտքով գրագէտը…

Պօղոս Սնապեան մատնանշեց մեր գրականութեան անդաստանին մէջ որոմ ցանողները: Արթուն մնաց մեր արեւոտ դաշտերուն մէջ որոմ ցանողներուն նկատմամբ, այս պատճառով զինք չսիրողներ եղան, որոնք միւս կողմէ կը փառաբանուէին մեր հայրենի պաշտօնական կամ անպաշտօն մարմիններուն կողմէ: Նոյնիսկ շքանշաններ ստացան այդպիսիք ճիշդ այն օրը, երբ հայրենիքը զինք կը պարգեւատրէր բարձրագոյն շքանշաններով:

Բազմավաստակ մտաւորական եւ կրթական մշակ, փնտռուած դասախօս ու բանախօս Կարօ Յովհաննէսեան հատոր մը նուիրած է Պօղոս Սնապեանի մասին` իբրեւ ծանօթագրութիւն եւ յարգանք, ներկայացնելով 50 տարիներուն իր ամբողջական նուիրումով հանրածանօթ գրագէտը, քննադատը, վիպագիրը, որուն նշանաւոր մէկ վէպը ջղագրգռեց շատերը, ուրիշները զարմացուց «Ես այդ շունն եմ» վէպով, որ եղաւ Պօղոս Սնապեանի պատգամը բոլոր երկդիմի երեւոյթներու, բոլոր կեղծ հայրենասէրներու:

Share this Article
CATEGORIES