Աստրախանի Մէջ Ստորագրուեցան Կասպից Ծովու Վերաբերեալ Երեք Համաձայնագիրներ

Մերձկասպեան հինգ երկիրներու ղեկավարները
Աստրախանի մէջ Կասպից ծովու սահմանակից հինգ երկիրներու 4-րդ վեհաժողովին ընթացքին շարք մը մարզերու միջեւ համագործակցութեան շուրջ երեք համաձայնագիրներ ստորագրուեցան, իսկ վերջնական հաղորդագրութիւնը կոչ ուղղեց շրջանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն համար հաւաքական մեքանիզմներ հաստատելու:
29 սեպտեմբերին տեղի ունեցած վեհաժողովին մասնակցեցան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ եւ Թուրքմենիստանի նախագահ Կուրպանկուլի Պերտիմուհամետով: Ըստ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան, Փութինի եւ Ռուհանիի միջեւ գոյութիւն ունեցող լաւ յարաբերութիւնները նպաստած են Աստրախանի վեհաժողովի յաջողութեան:
Ժողովի աւարտին Փութին յայտարարած է. «Համաձայնութիւն գոյացաւ շրջանին մէջ ապահովութեան եւ կայունութեան ապահովման կարեւորագոյն սկզբունքներէն մէկուն շուրջ, ըստ որուն, Կասպից ծովուն մէջ զինուորական ներկայութեան իրաւունքը վերապահուած է միայն այս ծովը եզերող երկիրներուն»:
Ռուհանի իր կարգին ողջունելով Փութինի այդ խօսքը ըսաւ, որ վեհաժողովին մասնակիցները վճռակամութիւն եւ քաղաքական կամք ցուցաբերած են Կասպից ծովու շրջանը խաղաղութեան եւ ապահովութեան շրջանի վերածելու` աւելցնելով, որ Կասպիցը եզերող երկիրները կրնան հաւաքական ջանքով շրջանին անվտանգութիւնը ապահովել առանց արտաքին միջամտութեան:
Վեհաժողովին մասնակից հինգ երկիրները ստորագրած են երեք համաձայնագիրներ` Կասպից ծովու հարստութեանց կարգաւորման, ապահովութեան ու անվտանգութեան պահպանման եւ կենսոլորտի մաքրութեան շուրջ:
Նշենք, որ ստորագրուած համաձայնագիրներէն կը բացակայէր Կասպից ծովու ջուրերու սահմանագծումի վիճելի հարցը:
Փութին-Ալիեւ Հանդիպում` Աստրախանի Մէջ

Ալիեւ եւ Փութին
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներ Իլհամ Ալիեւ եւ Վլատիմիր Փութին Աստրախանի մէջ հանդիպում ունեցած են:
Երկու նախագահները քննարկած են Ռուսիա-Ազրպէյճան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ մերձկասպեան պետութիւններու ղեկավարներու չորրորդ վեհաժողովին արդիւնքները:
Փութին արձանագրած է, որ նոյնիսկ «ամէնէն նուրբ մարզերուն մէջ» Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւնները բարեկամական են:
Ալիեւ իր կարգին նշած է Մոսկուայի եւ Պաքուի միջեւ «մնայուն երկխօսութիւնը, դրական ընթացքը»: Անցեալ ամսուան հանդիպումէն ետք այս նոր հանդիպումը ան որակած է իրենց յարաբերութիւններուն ցուցանիշը:

