Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ հացկերոյթ մը կազմակերպեց ի պատիւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տըրիանի` ներկայութեամբ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու:
ՓՈԽԱԴՐՈՒԹԵԱՆ սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն Ապտել Հաֆիզ Քէյսի երէկ այցելեց Ժունիէի նաւահանգիստ եւ մօտէն հետեւեցաւ կատարուող նախապատրաստական քայլերուն: Ան յայտարարեց, որ նաւահանգիստը բանելու պիտի սկսի յառաջիկայ գարնան սկիզբը:
ՈՒԹ հոկտեմբերին «Ժազիրա» «արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի հաղորդավար Ֆայսալ Քասեմ հարցաքննութեան պիտի ներկայանայ լիբանանեան դատական պատկան մարմնին մօտ` լուսաբանելու համար լիբանանեան բանակին դէմ իր յայտարարութիւնները «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ:
CATEGORIES Լիբանանեան

